
Այնթապի խորհրդանիշերէն մէկը համարուող հայկական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, որ մզկիթի վերածուած էր, փլած է ոչ թէ երկրաշարժին, այլ՝ սխալ վերականգնման հետեւանքով։ Թրքական «Տուվար» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ նման կարծիք է յայտնած է անուանի պատմաբան Մուրատ Ուչաներ։
«Քուրթուլուշ» մզկիթ անուամբ յայտնի հայկական Սուրբ Աստուածածին վանքը էապէս տուժած է Մարաշի երկրաշարժէն։ Եկեղեցին կառուցուած է 1894-ին։ Նոյն տարին ալ այն բացուած է կրօնական արարողութիւններու համար։ Մինչեւ 1915թ-ին գործող սոյն եկեղեցին յետագայ տարիներուն՝ 1915-1919թթ․ օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ օգտագործուած է որպէս ռազմական պահեստ, իսկ Առաջին համաշխարհային պատերազմէն անմիջապէս ետք վերաբացուած է որպէս եկեղեցի։ Սակայն քեմալականներուն իշխանութեան գալէն ետք, 1922թ․այն վերածուած է բանտի եւ մինչեւ 1985թ․ կալանատուն եղած է։ 1985թ․ եկեղեցին դարձած է մզկիթ, եւ եկեղեցական կառոյցին 2 մինարէթ աւելցուած է։ Այդ թուականէն մինչեւ օրս այս հայկական եկեղեցին որպէս մզկիթ ծառայած է տեղի իսլամ բնակիչներուն համար։
Արեւմտեան Հայաստանը հերթական անգամ կ’արձանագրէ մեր մշակութային հարստութեան ոչնչացումը թրքական բռնազաւթման ներքոյ՝ անոնց անհետեւողական աշխատանքներուն պատճառով։