Արդարադատութեան միջազգային դատարանը մերժեց Հայաստանի դէմ ժամանակաւոր միջոցներ կիրառելու Ատրպէյճանի պահանջը: 

Որոշումը հրապարակուեցաւ Փետրուարի 22-ին: Որոշման մէջ նշուած է, որ դատարանը չի համարեր, թէ Ցեղային խտրականութիւններու բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնագիրը կը պարտաւորեցնէ Հայաստանը միջոցներ ձեռնարկել՝ Ատրպէյճանին ականազերծում իրականացնելու հնարաւորութիւն տալու կամ ականներ տեղադրելը դադրեցնելու հարցին մէջ: Ատրպէյճան դատարանին չէ ներկայացուցած ապացոյցներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ականներու հետ կապուած Հայաստանի ենթադրեալ վարքագիծը նպատակ ունի խաթարել ատրպէյճանական ծագում ունեցող անձերու իրաւունքները:

Դատարանը  եզրակացուցած է, որ Կանոնադրութեան 41-րդ յօդուածով նախատեսուած ժամանակաւոր միջոցներու կիրառման պայմանները բաւարարուած չեն: