
Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւն տարածած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանին՝ Բերձորի ճանապարհի բացման մասին որոշման վերաբերեալ, որմէ կը ներկայացնենք հատուածներ․
«Կ’ողջունենք ՄԱԿ-ի Արդարադատության միջազգային դատարանի Փետրուարի 22-ի որոշումը Ատրպէյճանի դէմ ժամանակաւոր միջոց կիրառելու մասին, որ կը պարտաւորեցնէ վերջինիս ձեռնարկել իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցները՝ Բերձորի ճանապարհով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռի անխոչընդոտ տեղաշարժը երկու ուղղութիւններով ապահովելու համար։
Կարեւոր կը համարենք այն, որ դատարանը գործի քննարկման ժամանակ նշած է, թէ Արցախի շրջափակումը կրնայ հանդիսանալ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ժողովուրդին՝ ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնագիրով պաշտպանուող իրաւունքներու խախտում։
Առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի նաեւ դատարանի եզրակացութիւնն առ այն, որ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը կը պարունակէ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներուն անդառնալի վնաս հասցնելու իրական եւ անխուսափելի վտանգ։ Այսպիսով, Ատրպէյճանի դէմ ժամանակաւոր միջոց կիրառելով՝ Արդարադատութեան միջազգային դատարանն օգտագործած է իր իրաւասութեան ծիրին մէջ առկայ հնարաւոր գործիքակազմը՝ Արցախի ժողովուրդը Ատրպէյճանի ցեղային խտրականութենէն պաշտպանելու համար»։
Արեւմտեան Հայաստանը, հետեւաբար, կը նշէ, որ Բերձորի ճանապարհի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցնիլը խնդիր պիտի չ’առաջացնէ Արցախի իշխանութիւններուն համար։