Բժիշկ  Ասատուր Ալթունեան ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիա քաղաքը, 1857 թուականի Մարտի 21-ին։ 1881-ին աւարտած է Այնթապի բժշկական եռամեայ ուսումնարանը։ 1881-84 աշակերտած է տեղի ամերիկացի բժիշկ Վէյչսին, ապա եղած է անոր  օգնական բժիշկը:  Պաշտպանած է «Հալէպի վէրք»ը վերնագրուած ատենախօսութիւնը:  Այնուհետեւ կատարելագործած է իր մասնագիտութիւնը իբրեւ վիրաբոյժ`  Գերմանիոյ Հայտըլպըրկ քաղաքի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ։

1887-ին բժիշկ Ասատուր Ալթունեանին շնորհուած է փրոֆեսորի կոչում:  Նոյն տարին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ արտօնագիր ստացած աշխատելու` իբրեւ բժիշկ: Բանի մը ամիս աշխատած է Այնթապի բժշկական ուսումնարանին մէջ, սակայն Ապտուլ Համիտի բռնակալութեան օրերուն կրկին մեկնած է Եւրոպա եւ  աշխատած անուանի բժշկական կեդրոններու մէջ։

1889-ին Հալէպի մէջ հիմնած է իր առաջին հիւանդանոցը, իսկ 1911-ին Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ կառուցած է նոր, քարաշէն «Ալթունեան» հիւանդանոցը`արդիական բոլոր սարքերով: «Ալթունեան» հիւանդանոցը գործած է մինչեւ 1962թ․:

Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան 1937-ին  դարձած է Հալէպի Բժիշկներու միութեան պատուաւոր նախագահը: 1939-ին արժանացած է Նիւ Եորքի վիրաբոյժներու միջազգային ուսումնարանի «Դոկտոր» գիտական աստիճանին:

Մասնակցած է Հալէպի հայկական որբանոցի հիմնադրման, ուր ապաստան գտած են 1915-ի Ցեղասպանութենէն փրկուած շուրջ 200 երեխաներ: Անձամբ զբաղած է անոնց կենցաղային, առողջապահութեան եւ անձնական կարիքներով:

Մահացած է 1950 թուականի Յունուարի 4-ին՝ Հալէպ։