Երիցմանկանց վանքը կը պատկանի 17-րդ դարուն, կը գտնուի Արցախի Մարտակերտ շրջանին մէջ։ Միջնադարեան հայ եկեղեցաշինութեան փայլուն օրինակ է։ Կառուցուած է 1691 թուականին, պատմական Ջրաբերդին մէջ։ Վանքը հիմնուած է Մելիք-Իսրայէլեաններու կողմէ։

Երիցմանկանց վանքի բնակելի սենեակներէն շատերը փլած են, իսկ մնացեալը, որոնք ոչ հեռու անցեալին կ’օգտագործուէին, դեռ կանգուն են։ Եկեղեցին կառուցող ճարտարապետը Սարգիսն է, որուն առանձին արձանագրութիւնը կը գտնուի ներսը, բեմի հիւսիսային կողմի պատին։

Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին՝ 1992 թուականի Յունիսին Ատրպէյճանի կողմէ Կիւլիստանի գրաւումէն ետք տեղի շուրջ 14 հազար հայ բնակչութիւնը քալելով մեկնեցաւ դէպի Մարտակերտի շրջան։ Այդ խումբէն մօտ 2-3 հազարը անտառներով անցնելու ժամանակ կը հասնին Երիցմանկանց վանք եւ ապաստան կը գտնեն վանքի տարածքին՝ մինչեւ օգնական խումբերու ժամանումը։

Եկեղեցւոյ գմբեթն ամբողջովին կառուցուած է սրբատաշ կաթնագոյն քարէ։ Բազմաթիւ եւ գեղեցիկ քանդակներու մէջ յատկապէս արժէ յիշատակել արեւի ժամացոյցը՝ քարի վրայ կերտուած։