Փետրուարի 6-ին Արեւմտեան Հայաստանի եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժներն աննախադէպ չափերու աղէտ էին եւ ամէնէն  ուժեղը վերջին 100 տարուան ընթացքին:

Արեւմտեան Հայաստանի Անտիոք քաղաքն ու անոր բնակիչներն ամէնէն շատը  տուժած են։ Այն ժամանակին կարեւոր առեւտուրի կեդրոն էր։ Սակայն աւերիչ երկրաշարժներն այդ քաղաքին մէջ անվնաս գրեթէ ոչինչ ձգած են, կը գրէ «Euronews»։

Անտիոք հիմնադրուած է Ն.Ք. 300 թուականին եւ տեսած է բազմաթիւ աղէտներ։ Անցեալ հարիւրամեակներու ընթացքին այն բազմիցս փլուզուած եւ վերակառուցուած է։ Բայց տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցաւ 7,8 աստիճան երկրաշարժ։ Այն վերապրածները մեծ վտանգի կ’ենթարկուին։ Վարակիչ հիւանդութիւնները, ինչպիսիք են քոսը եւ քոլերան, արագ կերպով կը տարածուին, եւ հյետցնցումներ տեղի կ’ունենան ամէն օր: Երկրաշարժէն  քանի մը օր անց իշխանությիւնները տակաւին չէին կրնար իրավիճակը վերահսկողութեան տակ վերցնել՝ հակառակ միջազգային օգնութիւնը կու գար ամէն տեղէն։ Տարաձայնութիւններ կան, թէ ով կամ ինչն է մեղաւոր այս քաոսին համար: Ոմանք կ’ըսեմ՝ ներքին տարաձայնութիւնները, միւսները կը մեղադրեն վատ կառավարումը։

Անտիոքի գլխաւոր գերեզմանատունը պատկերացում կու տայ աղէտի չափին մասին։ Զոհուածներուն համար բաւարար տեղ չկայ, ուստի իշխանութիւնները զանգուածային թաղման վայր բացած են քաղաքի ծայրամասը։