
1988 թուականի Փետրուարի վերջը Ատրպէյճանական Սումկայիթ քաղաքին մէջ վայրագ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան. հայերու զանգուածային ջարդեր՝ ազգային պատկանելութեան պատճառով:
Փետրուարի 27-ին Պաքուէն ընդամէնը 25քմ հեռաւորութեամբ գտնուող քաղաքին մէջ քանի մը հազար ատրպէյճանցի ազգայնականներ սկսան աւերել քաղաքի հայ բնակչութեան տուները, սպաննել զանոնք: Միայն պաշտօնական տուեալներով, կտտանքներու եւ ծաղրի ենթարկելէ ետք Սումկայիթի 32 հայ բնակիչ սպաննուած է, հարիւրաւորները ծանր վնասուածքներ ստացած են, հաշմանդամ դարձած:
1988 թուականի Փետրուարի 27-29-ի սումկայիթեան ջարդերուն, որուն մասին Ատրպէյճանի մէջ կը լռեն, հետեւեցան Կիրովապատի եւ Պաքուի ջարդերը, Շահումեանի շրջանի ողջ բնակչութեան արտաքսումը, պատերազմի հրահրումը։ Այս բոլորը ի պատասխան Արցախի ժողովուրդի՝ ինքնորոշման իրաւունքի իրացման պահանջին: Սումկայիթի ու Ատրպէյճանի պետական, կուսակցական եւ իրաւապահ մարմինները չարձագանգեցին քաղաքին մէջ տեղի ունեցած աննախադէպ անկարգութիւններուն եւ հրապարակային բռնութիւններուն: Աւելին, բազմաթիւ վկայութիւններ կան իրաւապահ մարմիններու կողմէ ջարդարարներուն հրահրելու եւ օժանդակելու վերաբերեալ: Սումկայիթի հայերէն շատեր կը վկայեն բնակարանային շահագործման գրասենեակին կողմէ կազմուած հայերու բնակարաններու ցուցակներու առկայութեան, ինչպէս նաեւ իրաւապահ մարմիններու եւ բժշկական հաստատութիւններու կողմէ աջակցութիւն ցուցաբերելէ հրաժարելու մասին։ Սումկայիթի կոտորածին վերաբերեալ ճշմարտութիւնը լռութեան մատնելը, անոր չափերն ու իրական պատճառները թաքցնելը եւ իսկական կազմակերպիչները անպատիժ ձգելն ուղի հարթեցուցին Ատրպէյճանի ողջ տարածքին ցեղային զտումներու իրականացման համար։
Արեւմտեան Հայաստանը կ’արձանագրէ, որ այս թուրք-ատրպէյճանական դաշինքի հերթական Ցեղասպանական շարժումն էր, Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին իրականացուած Ցեղասպանութենէն ետք։ Այժմ նոյն Ցեղասպանական քայլերը կը կատարուին Արցախի մէջ՝ փորձելով հայաթափել եւ վախի մթնոլորտ տարածել այնտեղ, ցեղային զտման նպատակներով։