Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան անմիջական մասնակցութեամբ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հանդիպում կայացած է։ Արցախի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները հանդիպած են Ռուսիոյ խաղաղապահներու ներկայութեամբ: Հանդիպման ընթացքին պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են Սիւնիքի տարածաշրջանէն Արցախը սնուցող միակ ելեկտրական գիծի եւ կազամատակարարումը լիարժէք վերականգնելու վերաբերեալ: Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները Բերձորի ճանապարհով փոխադրամիջոցներու անարգել երթեւեկութիւնը վերսկսելու ուղղութեամբ:

Յիշեցնենք, որ օրեր շարունակ Արցախի մէջ կ’իրականացուէին հովհարային անջատումներ, քանի որ տեքնիկական պատճառներով դադրեցուած էր ելեկտրամատակարարումը դէպի Արցախ, իսկ հայկական կողմին չէր արտօնուէր Ատրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած հայկական տարածքներուն մէջ իրականացնել ելեկրական լարերու վերանորոգման աշխատանքներ։