Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանը կը սկսի «Արցախի մանրատեղանուններ» շարքը, ուր առաջին քաղաքը Շուշին է։

Շուշի քաղաքի տարածքին պեղումներու ժամանակ յայտնաբերուած խեցեղէնը եւ կաւէ տարբեր առարկաները կը վկայեն, որ Ն.Ք. 14֊13րդ դարերուն այստեղ եղած է բերդաքաղաք: Քաղաքն ունեցած է պաշտպանական նշանակութիւն, որուն շուրջ յետագային կառուցուած է բերդապարիսպ: Շրջակայքը յայտնաբերուած են հնագոյն գերեզմանոցներ, աւանդական հայկական խաչքարեր (9֊12րդ դդ): 1820-ական թուականներէն Շուշին եղած է խոշոր մշակութային կեդրոն՝ զարգացածութեան բարձր մակարդակի վրայ գտնուող կրթութեամբ եւ տպագրութեամբ: Քաղաքին մէջ կը գործէին հինգ խմբագրութիւն: Գլխաւոր ճարտարապետական յուշարձան կը համարուի քաղաքային հրապարակին մէջ կառուցուած Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին:

1920-ի Մարտի 23-ին Այսրկովկասի մարգարիտ համարվող Շուշի քաղաքը դարձաւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բանակներու կողմէ կազմակերպուած Ցեղասպանութեան զոհ։ Ճիշդ այդ տարիներուն ալ սկսաւ Շուշիի պատմութեան միտումնաւոր խեղաթիւրումը եւ բնակավայրը որպէս Ատրպէյճանի մարգարիտ ներկայացնելը։ Տնտեսական «խեղդման» քաղաքականութեամբ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները փորձեցին հայաթափել նաեւ Շուշիի շրջանի հայկական գիւղերը՝ Քարին Տակը, Հին Շէնը, Մեծ Շէնը, Մեծ ու Փոքր Խերխանները, Եղցահողը, Կանաչ թալան, Ճաղատասարը (Լիսագորը), Տասը վերստը եւ այլն։ Անոնք յաջողեցան ամբողջութեամբ հայաթափել հայկական Մեծ ու Փոքր Խերխանները, Խակ (Մինքենդ), Ալգուլի (Աշաղը Ֆարաջա) եւ Հարար գիւղերը։