
Եզակի արխիւային փաստաթուղթ՝ 1314 թուականով թուագրուած Կիլիկեան Հայաստանի թագաւոր Օշին Ա. Հեթումեանի հայերէն հրամանագիրը՝ Ֆրանսայի Մոնփելիէ քաղաքի առեւտրականներուն մաքսային արտօնութիւններ տրամադրելու վերաբերեալ, որով ֆրանսացի առեւտրականները Կիլիկեան Հայաստանի թագաւորութեան նաւահանգիստներն ազատ մուտքի եւ այնտեղ առեւտուրի իրաւունք կը ստանային:
Այս եւս մէկ վկայութիւն է, որ Կիլիկեան Հայաստանը միջին դարերուն փաստացի Եւրոպայի անբաժան մասը կը հանդիսանար եւ կը գտնուէր ընդհանուր եւրոպական տնտեսական գօտիի վրայ:
Փաստաթուղթը կը պահուի Մոնփելիէի քաղաքային արխիւին մէջ: