1828 թուականին Գահիրէի մէջ հիմնադրուած Գալուստեան ազգային վարժարանը երկսեռ ամենօրեայ ուսումնական հաստատութիւն էր։ Հիմնադիր-բարերարին անունով սկիզբը կոչուած է Եղիազարեան դպրատուն։ Քաղաքի առաջին սեփական հայկական դպրոցն էր, զոր արտօնուած էր բանալ «շնորհիւ այն ազդեցիկ դիրքին, որ եգիպտահայ համայնքն ունէր եգիպտական արքունիքին մէջ»։ Տարրական դպրոց էր։ Հիմնական դասանիւթը կրօնն էր, դասաւանդուած է նաեւ թուաբանութիւն, հայերէն եւ արաբերէն։ 

1854 թուականին տեղափոխուած է Կարապետ Գալուստի միջոցներով կառուցուած նոր շէնք եւ կոչուած Խորէնեան (Մովսէս Խորենացիի անունով) ազգային վարժարան, իսկ 1897 թուականէն՝ Գալուստեան ազգային վարժարան։  Հաստատութիւնն ունի մանկապարտէզ, տարրական եւ բարձրագոյն նախակրթարանի բաժիններ, ինչպէս նաեւ գրադարան։ Աշակերտները կը սորվին նաեւ հայոց լեզու եւ գրականութիւն, հայոց պատմութիւն, թուաբանութիւն, արաբերէն եւ ուրիշ շատ դասանիւթեր։ 1996 թուականին աշակերտներուն թիւը 45 էր, ուսուցիչները՝ 16։ Վարժարանի շրջանաւարտներէն են Վահան Թեքէեան, Գառզու, Գոհար Գասպարեան եւ ուրիշներ։