
«Արմենիա» մշակութային միութիւնը Փետրուարի 24-ին՝ Ուրբաթ օրը, Cheneviers MJC Jean Moulin Hall-ին մէջ կազմակերպեց «Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերու քանակն այսօր 70,000, թէ՞ 9 միլիոն է» խորագիրով համաժողով, զոր կը վարէր «Արմենիա»ի նախագահ եւ հայաստանեան մամլոյ գրասենեակի թղթակից Գրիգոր Ամիրզայեան եւ Խոսրոֆ Իլիոզէր՝ ծնունդով Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիա քաղաքէն։
Համաժողովին ներկայ էին մեծ թիւով հանդիսատեսներ։ Ներկայ էին նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի երեք ներկայացուցիչները՝ երկրի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան, դիւանագիտութեան պատասխանատու Լիտիա Մարկոսեան եւ ծագումով Արեւմտեան Հայաստանի Մուշ քաղաքէն` խորհրդարանի խօսնակ Սիմոն Տարօնեան։
Գրիգոր Ամիրզայեան ներկայացուց Թուրքիոյ կողմէ բռնազաւթուած այն շրջանները, որոնք մինչեւ 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը եղած են Արեւմտեան Հայաստանի կազմին մէջ, ուր տակաւին մեծ թիւով հայեր կան, սակայն իսլամացած են իրենց գոյատեւման համար։ Արմենակ Աբրահամեան միջամտեց՝ մանրամասնօրէն բացատրելով բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայերու ներկայութիւնը եւ բնիկ հայ բնակչութեան օրինական իրաւունքները։ Ան նաեւ ներկայացուց 1920 թուականին Ֆրանսայի մէջ ստորագրուած Սեւրի դաշնագիրի անժամանցելի փաստաթուղթը, որով սահմանազատուեցան Արեւմտեան Հայաստանի սահմանները։ Այս ելոյթը շատ գնահատուեցաւ հանդիսատեսին կողմէ, անոնք բազմաթիւ կարծիքներ փոխանակեցին։ Ելոյթով հանդէս եկաւ նաեւ Լիտիա Մարկոսեան՝ հաստատելով իր դիւանագիտական գործունէութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի անունով միջազգային ատեաններու վրայ, իսկ Սիմոն Տարօնեան ներկայացուց հայ ժողովուրդի բնիկութիւնն իր նախնիներու հողերուն վրայ։
– «Արմենիա»ի յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլի 21-ին, Ուրբաթ օրը, ժամը 20:30-ին՝ «Կրնա՞յ արդեօք այսօր Հայերու նոր Ցեղասպանութիւն տեղի ունենալ» խորագիրով՝ կլոր սեղանի շուրջ :
Հասցէ․ Cheneviers MJC Jean Moulin-ի մէջ, Պուրկ-լէ-Վալանս:
«Արմենիա» մշակութային միութեան հետ կապ հաստատելու համար կրնաք զանգել 04 75 83 80 58 հեռախօսահամարով։