
Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սումկայիթի մէջ հայերու ջարդերու 35-րդ տարելիցին առթիւ յայտարարութիւն տարածած է: Կը ներկայացնենք յայտարարութենէն հատուածներ․ «35 տարի առաջ՝ 1988թ. Փետրուարի 27-29-ին, ատրպէյճանական իշխանութիւններուն հրահրմամբ եւ յանցաւոր անգործութեան հետեւանքով Սումկայիթ քաղաքին մէջ տեղի ունեցան զանգուածային հայկական ջարդեր, որուն զոհ գացին հարիւրաւոր հայեր, այդ թուին՝ երեխաներ, կիներ եւ ծերեր, իսկ հազարաւորները բռնի տեղահանուեցան։
Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ նախապէս ծրագրուած ջարդերն իրագործուեցան Արցախի ժողովուրդը` իր պատմական հայրենիքին մէջ արժանապատիւ կերպով ապրելու եւ խաղաղ արարելու քաղաքակիրթ պայքարը բիրտ ուժով ճնշելու նպատակով: Ազգային ինքնութեան հողին վրայ կատարուած այս զանգուածային ոճրագործութիւնը լայն արձագանգ ստացաւ եւ դատապարտուեցաւ միջազգային հանրութեան, այդ թուին՝ Եւրոպական խորհրդարանի կողմէ համապատասխան բանաձեւերու ընդունմամբ: Սակայն ոճրագործութեան իրական կազմակերպիչներն ու իրագործողները ոչ միայն պատասխանատւութիւն չկրեցին, այլեւ, ոգեւորուած անպատժելիութենէն ու ամենաթողութենէն, հայատեացութեան եւ անհանդուրժողականութեան նոր ալիք բարձրացուցին՝ հայերու նոր ջարդեր եւ կոտորածներ իրականացնելով նաեւ Պաքուի, Կիրովապատի եւ Ատրպէյճանի հայաշատ միւս բնակավայրերուն մէջ։
Սումկայիթեան ոճրագործութենէն 35 տարի անց, շուրջ 80 օր է, որ Ատրպէյճան ապօրինի կերպով շրջափակուած կը պահէ Բերձորի ճանպարհը եւ այս գործողութեան նպատակը Արցախ ապրող աւելի քան 120 հազար հայերը նոյնպէս տեղահանելն է: Ատրպէյճան, այսպիսով, կը շարունակէ արցախահայութիւնը ցեղային զտումներու ենթարկելու միջոցով Արցախը հայաթափելու իր քաղաքականութիւնը»:
Արեւմտեան Հայաստանը յարգանքի տուրք մատուցելով Սումկայիթի մէջ ցեղասպանուած մեր հայրենակիցներու յիշատակին, միաժամանակ կ’արձանագրէ, որ այդ ցեղասպան քաղաքականութիւնը Ատրպէյճանական իշխանութիւններն այսօր կը շարունակեն Արցախի մէջ, եւ որ Հայկական իշխանութիւնները ոչինչ ձեռնարկած են ատրպէյճանահայերու իրաւունքները միջազգային դատարաններուն առջեւ պաշտպանելու համար։