
Ախալքալաքի հեռաւոր գիւղերուն մէջ, «Ախալքալաքի բնակչութեան ընկերային եւ տնտեսական զարգացումն իրազեկման միջոցով» ծրագիրի ծիրին մէջ, «Բաց սահմաններ» կազմակերպութիւնը տեղեկատուական հանդիպումներ կը կազմակերպէ բնակչութեան հետ՝ Ախալքալաքի մէջ առկայ ծառայութիւններէն լիարժէք օգտուելու համար բնակչութեան տեղեկատւութիւն տրամադրելու, խնդիրներու բացայայտման եւ անոնց լուծման համար փաստաբանութեան նպատակով։ Հանդիպումները տեղի ունեցած են Խաւէթ եւ Էրինջա գիւղերուն մէջ։ Ծրագիրի ծիրին մէջ իրականացուած է գիւղերու վիճակի ընդհանուր ուսումնասիրութիւն, որմէ ետք ընտրուած են յստակ թիրախային գիւղեր, ուր ամէնէն շատ խնդիրներն են։ Յստակեցուած խնդիրներու պարագային աշխատանքներ կը տարուին անոնց լուծման նպատակով փաստաբանութեան ուղղութեամբ։
Հանդիպումներ տեղի ունեցած են նաեւ Ջաւախքի այլ գիւղերու մէջ, որոնց ժամանակ առաջ եկած հարցերն ու զրոյցի նիւթերը գլխաւորաբար կը վերաբերէին ընկերական աջակցութեան, առողջապահութեան, հողերու գրանցման, Արդարադատութեան տան ծառայութիւններուն, գիւղատնտեսութեան եւ այլ ոլորտներուն։