
Արեւմտեան Հայաստանի Սամոսատ քաղաքը յայտնի է նաեւ որպէս Շամշատ, Արշամաշատ անուններով։ Հնագոյն քաղաքը տեղակայուած է Եփրատ գետի աջ ափին։
Տիգրան Բ. Մեծի եւ Արտաւազդ Բ-ի օրօք (Ն.Ք. 1-ին դ.) մտած է Մեծ Հայքի թագաւորութեան մէջ։ 72 թուականին Հռոմէական կայսրութիւնը Սամոսատը կցած է իր տիրապետութեան տակ գտնուող Ասորիք նահանգին։
11րդ դարու վերջը եւ 12րդ դարու սկիզբը Սամոսատին տիրած են սելճուկներու գերիշխանութիւնն ընդունած հայ իշխանները, զորս կը յիշատակէ ասորի պատմիչ Միքայէլ Ասորի։ Միաժամանակ քաղաքը գտնուած է հայ իշխան Փիլարտոս Վարաժնունիի ենթակայութեան տակ։ Սամոսատ յայտնի է որպէս քրիստոնէական հարուստ անցեալ եւ աւանդոյթներ ունեցող քաղաք։ Սամոսատ եղած է յունական եւ ասորական դպրութեան կարեւոր կեդրոններէն։ Մեսրոպ Մաշտոց իր աշակերտներուն մէկ խումբը Սամոսատ ուղարկած է՝ յունարէն եւ աստուածաբանութիւն ուսանելու, այնուհետեւ իր երկու օգնականներուն՝ Յովհան Եկեղեցացիի եւ Յովսէփ Պաղնացիի հետ անձամբ այցելած Սամոսատ։
Սելճուկեան արշաւանքներէն (11րդ դ.) ետք Սամոսատ աստիճանաբար կորսնցուցած է իր երբեմնի նշանակութիւնը եւ վերածուած աննշան քաղաքի։ 12–14րդ դարերուն քաղաքին տիրած են խաչակիրները, բիւզանդացիները, մոնղոլները, թուրքմէնական ցեղերը։ 15րդ դարուն Սամոսատ նուաճուած է Օսմանեան կայսրութեան կողմէ։ Մինչեւ հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը Սամոսատի բնակիչները գլխաւորաբար եղած են հայեր։
2023 թուականի Փետրուարի 6-ի աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով մեծ աւերածութիւններ եղան ոչ միայն Սամոսատի, այլեւ շրջակայքի միւս քաղաքներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի մեծ ու փոքր այլ բնակավայրերուն մէջ։