Արցախի շրջափակման պատճառով 96 հազար հեքթար հող բաւարար ջուր պիտի չստանայ: Արցախի նախագահ Արայիկ Յարությունեան Փետրուարի 23-ի իր ուղերձին մէջ որոշ փակագիծեր  բացած է Արցախի մէջ տիրող ուժանիւթի ճգնաժամին եւ Սարսանգի ջրային պաշարներուն վերաբերեալ։ Կը ներկայացնենք քանի մը փաստ եւ կը շեշտադրենք՝ անոնց վերաբերեալ․ «Յունուարի 9-էն ամբողջութեամբ ընդհատելով Հայաստանէն ելեկտրամատակարարումը, ինչպէս նաեւ շրջափակման ողջ ընթացքին պարբերաբար ընդհատելով կազի մատակարարումը, ատրպէյճանական կողմը միտումնաւոր կերպով հրահրեց ուժանիւթի ճգնաժամը՝ որպէս ճնշման հիմնական միջոց։ Այդ ժամանակէն մենք անցած ենք ուժանիւթային համակարգի ճգնաժամային կառավարման՝ օգտագործելով տեղական հիտրո-ելեկտրակայանները ամբողջ հզօրութեամբ: Այս ընթացքին Սարսանգի ջրամբարի ջրային աղբիւրները խիստ սպառուած են, քանի որ մեր գլխաւոր հիտրո-ելեկտրակայանի շահագործման համար մենք սպառեցինք շատ աւելի շատ ջրային աղբիւրներ, քան անոնք կը մտնեն Սարսանգ։ Այժմ իրավիճակն արդէն ժգնաժամային է, բան մը, որ կը նշանակէ, որ կարճ ժամանակուան մէջ պիտի ունենանք ելեկտրականութեան  արտադրութեան համար անհրաժեշտ ջրային աղբիւրներու ծայրայեղ պակաս՝ անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով»։

Արեւմտեան Հայաստանը, դատապարտելով ատրպէյճանական ցեղապաշտ գործողութիւնները, միաժամանակ կ’ընդգծէ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պէտք է շարունակէ իր պարտաւորութիւններու կատարումը Արցախի հանդէպ, շարունակելով մատակարարել ելեկտրականութիւն, կազ եւ այլն։ Ոչ մէկ պարագայի պէտք է թոյլ տալ, որ այդ անհրաժեշտութիւններու մատակարարումը մնայ ատրպէյճանական կողմին վրայ, քանի որ այն պիտի յանգեցնէ կախուածութեան եւ նոր բռնաճնշումներու։