
Սամցխէ-Ջաւախէթիի պետական համալսարանի Ախալքալաքի մասնաճիւղին մէջ դասերը կ’իրականացուին ուսանողական հանրակացարանին մէջ: Պատճառը համալսարանի շէնքի ջեռուցման բացակայութիւնն է, եւ ցուրտի պատճառով ուսանողները տեղափոխուած են հանրակացարան, քանի որ այն կը ջեռուցուի:
Համալսարանի վարչակազմի ղեկավար Ռոին Թաթեշվիլիի խօսքով, շատ շուտով ջեռուցման համակարգի վերանորոգման աշխատանքները աւարտին պիտի հասնին եւ ուսանողները վերադառնան լսարաններ:
«Ջեռուցման խնդիրը գրեթէ լուծուած է, մօտ մէկ շաբաթէն հանգրուան առ հանգրուան ուսանողները պիտի կարողանան վերադառնալ համալսարանի մասնաշէնք: Նշեմ նաեւ, որ այն ուսանողները, որոնք ունէին օրինակ՝ համակարգչային դասեր, սովորականին պէս ուսումնական շէնքին մէջ կ’իրականացնեն այդ դասերը, իսկ փոքր խումբերու դասաւանդման գործընթացը կ’իրականացուի հանրակացարանի ազատ սենեակներուն մէջ: Անոնք յարմարաւէտ են դասաւանդման համար»,- նշած է Թաթեշվիլի:
Ուսանողները «Jnews»ի հետ զրոյցի ընթացքին եւս նշած են, որ հանրակացարանին մէջ ստեղծուած են բոլոր յարմարութիւները դասերն անխափան կազմակերպելու համար: