
Արեւմտեան Հայաստանի Մարաշ նահանգին մէջ Փետրուարի 6-ին տեղի ունեցած ուժգին երկրաշարժներուն հետեւանքով տուժած է նաեւ Մալաթիոյ միակ կանգուն մնացած հայկական եկեղեցին՝ Սուրբ Երրորդութիւնը, որ յայտնի է նաեւ Երեք Խորան կամ Թաշխորան անուններով, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները։
Մալաթիա նահանգի Եշիլիուրթ գաւառի Չաւուշօղլու թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին կառուցուած է 1893թ․, այստեղ բնակած հայերու եւ ասորիներու կողմէ։ Հայկական համայնքին որոշ ժամանակ ծառայած եկեղեցին 1900-ական թուականներէն այլեւս չէ օգտագործուած։ Եկեղեցւոյ գմբեթ փլած է 1970-ական թուականներուն։
2013թ-էն Մալաթիոյ հայկական համայնքին եւ տեղի քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններուն ջանքերով եկեղեցին սկսած են վերականգնել։ 2021թ․ եկեղեցին վերաբացուած է արարողութիւններու համար։
Երկրաշարժներէն ետք եկեղեցւոյ պատերուն վրայ ճեղքեր գոյացած են։ Պատկան մարմինները եկեղեցւոյ շուրջ ժապաւէն կապած են եւ արգիլած մարդոց մուտքը եկեղեցի։
Յիշեցնենք, որ Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ մէջ 2021թ․ Օգոստոսին, 100-ամեայ դադարէ ետք, առաջին պատարագը մատուցուած էր։
Արեւմտեան Հայաստանը կ’արձանագրէ այս իրավիճակը, նշելով, որ պէտք է համապատասխան քայլեր ձեռնարկուին հայկական մշակութային ժառանգութեան պահպանման համար, քանի որ բնիկ հայերը կը շարունակեն ապրիլ մեր տարածքներուն մէջ եւ պէտք է իրականացնել եկեղեցւոյ հիմնանորոգում՝ պահպանելով հայկական ճարտարապետական ձեռագիրը։