Արեւմտեան Հայաստանի Խարբերդ քաղաքին մէջ 450 տարուայ պատմական առանձնատուները կը դիմակայեն երկրաշարժները։

Վերջին 3 տարուան ընթացքին Խարբերդի մէջ 6-է աւելի երկրաշարժ գրանցուած է, որոնցմէ 3-ը՝ մեծ ուժգնութեամբ։ Նշուած պատմական առանձնատուները դիմացած են բոլոր  երկրաշարժներուն։ Փետրուարի 6-ին Մարաշի մէջ գրանցուած երկու խոշոր երկրաշարնժերուն հետեւանքով հազարաւոր տուներ քանդուեցան, հազարաւոր մարդիկ ալ զոհուեցան եւ վիրաւորուեցան։ 2020 թուականին 6,8 աստիճան ուժգնութեամբ երկրաշարժէ ցնցուած Խարբերդ նոյնպէս մեծ վնաս կրած է այս վերջին երկրաշարնժերէն։ Վնասուած շէնքերուն թիւը գերազանցած է 2000-ը: Հաակառակ այս բոլորին, Խարբերդի ծայրամասը գտնուող 450-ամեայ պատմական առանձնատուներու պատերուն անգամ չնչին ճեղք չէ գոյացած։ Առանձնատուները, որոնք ժամանակին կառուցուած են ցեխի աղիւսէ, դարերու ընթացքին կրցած են դիմակայել տարբեր ուժգնութեան երկրաշարժները։

Որքան ալ թրքական աղբիւրները այդ շէնքերուն կառուցումը իրենց վերագրեն, պատմական անհերքելի փաստերը կը վկայեն, որ անոնք կառուցուած են հայերու կողմէ։