Իրանական «Mehr» լրատուական գործակալութիւնը տեղեկութիւն հրապարակած է Իրանի մէջ գտնուող Սուրբ Թադէոս հայկական վանքին մասին։

«Սուրբ Թադէոսի վանքը հնագոյն հայկական վանք է Իրանի հիւսիս-արեւմտեան լեռնային շրջանին մէջ։ Վանքը, որ յայտնի նաեւ Ղարա Քիլիսա անունով, կը գտնուի Չալտորան քաղաքէն մօտ 20քմ հեռաւորութեան վրայ: Այն կը համարուի աշխարհի ամէնէն հին եկեղեցական շինութիւններէն մէկը»,- ​​նշած է իրանական լրատուամիջոցը։

Յիշեցնենք, որ 2008թ. եկեղեցին գրանցուած է ԵՈՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան մէջ՝ Ս. Ստեփանոս եւ Ձորձոր վանքերուն հետ միասին` ‘«Հայկական եկեղեցիները Իրանի մէջ» անուան տակ։