
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանն ու Իրաւունքի եւ արդարութեան կեդրոն «Թաթոյեան» հիմնադրամը անգլերէն նոր զեկոյց հրապարակած են Արցախի մէջ երեխաներու վիճակին վերաբերեալ:
Երեխաներուն համար կաթնախառնուրդներու բացակայութիւնը ծնողները եւ երեխաները կանգնեցուցած է լրացուցիչ խնդիրներու առջեւ: Սնունդի պաշարները գրեթէ սպառած են:
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպանին երեխաներէն մէկուն ներկայացուցած վկայութեան համաձայն՝ շրջափակուած ճանապարհով Հայաստանէն Արցախ մեկնած ժամանակ, երբ իրենք զիրենք «բնապահպան ցուցարարներ» հռչակած մարդիկ մուտք գործած էին երեխաներու հանրակառք եւ ահաբեկած, իր մօտ առաջացած են հոգեբանական խնդիրներ ու վախ, մտածած է, որ զիրենք պիտի տեղափոխեն ատրպէյճանական բռնազաւթման տակ գտնուող Շուշի քաղաք եւ այլեւս երբեք պիտի չկարողանայ տեսնել ծնողները:
Անգլերէն կազմուած համատեղ զեկոյցը պիտի ուղարկուի միջազգային կառոյցներուն, պիտի ներկայացուի ՀՀ պետական մարմիններուն եւ մասնագիտացած կազմակերպութիւններուն:
Արցախ որպէս Արեւմտեան Հայաստանի մէկ մասը, ինչպէս նաեւ այնտեղ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները կը շարունակեն մնալ մեր ուշադրութեան կեդրոնը, միեւնոյն ժամանակ կոչ կ’ուղղենք միջազգային հանրութեան կեդրոնացնել ջանքերը այս խնդիրի խաղաղ հանգուցալուծման շուրջ։