Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանը Ձեզ կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաստանի զաւակ Եղիշէ Չարենցի տուն թանգարանին մէջ նկարահանուած թղթակցութիւնը, ուր ներկայացուած է անոր կեանքին եւ գործունէութեան վերաբերող մանրամասներ։ Եղիշէ Չարենց ծնունդով Կարսէն էր, իր ստեղծագործութիւններուն մէջ յաճախ անդրադարձած է Արեւմտեան Հայաստանին եւ իր հարազատ քաղաքին։ Չարենց իր սկզբնական կրթութիւնը կը ստանայ Ճամպազեանի դպրոցէն: 1908-12թթ. պատանի Եղիշէ ուսում կը ստանայ  Կարսի ռէալական դպրոցէն: Թէեւ Կարսը գաւառական փոքր քաղաք էր, սակայն գրական-հասարակական կեանքը բաւական աշխոյժ էր, որուն վկայութիւնը գրախանութներու, գրադարաններու, տպարաններու եւ զգալի թիւով ուսումնական հաստատութիւններու առկայութիւնն էր: Ընկերներէն մէկը յատկանշական դրուագ մը կը յիշէ Չարենցին մասին. «… Հայրը` Աբգար աղան, դրամ տուած էր, որ Եղիշէ կօշիկ առնէ, իսկ որդին, առանց երկար-բարակ մտածելու, այդ գումարով գիրքեր առած եկաւ տուն:

— Տօ, դուն խելքդ հացիդ հե՞տ կերած ես,— զայրացաւ հայրը: — Բոբի՞կ պիտի պտտիս: Եղիշէ ձայն չհանեց, բայց յետոյ, երբ դուրս եկանք ու կ’երթայինք մեր տուն, ճամբան ըսաւ. — Լաւ է մարդ ոտքէ բոբիկ ըլլայ, քան թէ` խելքէ»:

Օր մը քաղաքի տպարաններէն մէկուն մօտ Չարենց կը հանդիպի գրախանութներէն մէկուն տնօրէն Ալեքսանդր Տէր Եսայեանին եւ կ’ըսէ, որ «բերած եմ ոտանաւորներս տպել տամ»: Տղային համարձակ խօսքը կը հետաքրքրէ գրավաճառը, եւ ան կը վերցնէ ձեռագիրը, կը կարդայ ու կը զարմանայ: Անոր միջնորդութեամբ ալ 1914թ. լոյս կը տեսնէ պատանի Չարենցի` Աստղիկ Ղոնտախճեանին նուիրուած «Երեք երգ տխրադալուկ աղջկան» բանաստեղծութիւններու ժողովածուն (Աստղիկը Կարսի իգական կրթարանի 5-րդ դասարանի աշակերտուհի էր, որուն սիրահարուած էր պատանի Եղիշէ):