Արեւմտեան Հայաստանի աշխարհագրական անունները շարունակ կը թրքացուին: Ամէնէն վտանգաւորը «Հայք», «Հայաստան», «Հայկական լեռնաշխարհ», «Հայկական բարձրաւանդակ» անուններու վերացումն է թրքական կամ ուրիշ (հայկական) քարտէզներէ, պատմական եւ աշխարհագրական գրականութենէ: Անոր փոխարէն լայնօրէն գործածութեան մէջ է «Արեւելեան Անատոլիա» անուանումը:

Ցաւօք բանթուրքիզմի բաղկացուցիչ մաս դարձած է հայկական աշխարհագրական անուններու յայտարարուած «քարտէզագրական պատերազմ»ը: Տակաւին մինչեւ 19րդ դարու վերջը կ’ընդունէին Հայաստան աշխարհի գոյութիւնը եւ իրենց կողմէ հրատարակուած քարտէզներուն մէջ Հայաստան երկրին տեղը կը գրուէր «Էրմէնիստան»: 20րդ դարուն, մանաւանդ Ցեղասպանութենէն ետք, հայ բառն ընդհանրապէս ջնջուեցաւ, իսկ երկիրն անուանուեցաւ Արեւելեան Անատոլիա: Սխալ է գիտական հիմնաւորում տալ անգրագէտ բնակչութեան կողմէ ընդունուած կարծիքին, քանի որ բնական պայմաններու տեսակէտէն Անատոլիա (Փոքրասիական բարձրաւանդակը) ոչ մէկ կապ ունի անկէ արեւելք գտնուող Հայկական լեռնաշխարհին կամ Հայաստանի հետ: Հայրենական եւ արտասահմանեան անուանի աշխարհագէտներու կողմէ երբեք «Հայաստան», «Հայկական լեռնաշխարհ», «Հայկական բարձրաւանդակ» անունները չեն կապուած «Անատոլիա» կամ «Փոքր Ասիա» անուններուն հետ: 

Տակաւին 1979թ. հայ աշխարհագէտ Լեւոն Զոհրապեան «Հայկական լեռնաշխարհի լեռնագրութիւնը» հիմնարար աշխատութեան մէջ գրած էր, որ «Հայկական լեռնաշխարհը կամ անոր որեւէ մասը երբեք չէ մտած եւ պիտի չմտնէ Անատոլիոյ մէջ»:

Աւելին, այսօր որոշ տարագիր հայ  պատմաբաններ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ՝ Արցախ եւ Սփիւռք, անգամ հայաստանեան վերլուծաբաններ ու դիւանագէտներ, Արեւմտեան Հայաստանի փոխարէն կ’օգտագործեն «Արեւելեան Անատոլիա» կեղծ ու հնարովի եզրը: Հայ աշխարհագէտներու, պատմաբաններիու, ազգագրագէտներու, դիւանագէտներու, քաղաքագէտներու եւ այլոց մասնագիտական, քաղաքացիական ու բարոյական պարտքն է արժանի հակահարուած տալ մեր քաղաքակրթական-մշակութային արժէքներ համարուող տեղանունները կեղծողներուն եւ անոնց հովանաւորներուն:

Հեղինակ՝  աշխարհագրական գիտութիւններու թեկնածու, փրոֆեսոր Եուրիկ Մուրատեան: