Հնարաւո՞ր է, արդեօք, պատկերացնել հայոց մշակութային ամբողջական դաշտն առանց Ջաւախք ծնած մեծերուն՝ առանց Դերենիկ Տեմիրեանին ու Վահան Տէրեանին, առանց Ջիւանիին եւ Հաւասիին:  Բայց Ջաւախքի մէջ կայ  քաղաք մը, որ մեր ժողովուրդին  պարգեւած է Շառլ Ազնաւուր, Վարդգէս Սուրէնեանց, Յակոբ Կոջոյեան, Լուսինէ Զաքարեան, եւ շատ երեւելիներ: Քաղաքն այդ կը կոչուի Ախալցխա։  Այստեղ ծնած է նաեւ գրականագէտ, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս Լեւոն Մկրտչեան: Մեծ է Լեւոն Մկրտչեանի ներդրումը հայ միջնադարեան գրականութեան ուսումնասիրութեան, թարգմանութեան ու հանրայնացման գործին մէջ: Գրականագէտը ռուսերէն հրատարակած է միջնադարեան բանաստեղծներ Գրիգոր Նարեկացիի, Նահապետ Քուչակի, Կոստանդին Երզնկացիի, Դաւթակ Քերթողի առանձին ժողովածուները, «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազներգութիւնը, 19-20րդ դարերու հայ դասական եւ ժամանակակից բանաստեղծներու՝ Թումանեանի, Իսահակեանի, Սահեանի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները։

Ակադեմիկոսը ձգած է նաեւ ինքնակենսագրական արձակ ստեղծագործութիւններ: Որպէս թարգմանութեան տեսաբան՝ լայն ճանաչման արժանացած է նախկին Միութեան մէջ ու անոր սահմաններէն դուրս: Անոր նախաձեռնութեամբ մեր մօտ վերականգնուած է Թարգմանչաց տօնը, որ խաթարուած էր տասնամեակներ շարունակ: