Ալեքսանտր Մանթաշեանց հայ նշանաւոր գործարար ու բարեգործ է, ծնած է 1842թ. Մարտի 3-ին Վրաստանի Թիֆլիս քաղաքը։

Զբաղած է նաւթի արտահանմամբ եւ ստացած «նաւթի արքայ» ածականը: Իր ապրած ժամանակին ամէնէն հարուստ մարդոցմէ մէկը կը համարուէր: 1899թ. Մանթաշեան ստեղծած է «Ալեքսանտր Մանթաշեւ եւ Քօ» ընկերութիւնը, որ 20-րդ դարու սկիզբը կ’արդիւնահանէր Պաքուի նաւթի կէսէն աւելին: Ան նիւթապէս օժանդակած է Պաքու-Պաթում նաւթատարի շինարարութեան:

Ան կը հովանաւորէր Կովկասի ամէնէն խոշոր որբանոցը, անոր միջոցներով շէնքեր եւ հայկական եկեղեցիներ կառուցուած են Թիֆլիսի, Երեւանի, Պաքուի, Մոսկուայի, Փեթերսպուրկի ու Փարիզի մէջ։ Հայկական Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին, որ կը գտնուի Փարիզի կեդրոնը, իր գոյութեամբ պարտական է Ալեքսանտր Մանթաշեանցին: Մանթաշեանցի միջոցներով կառուցուած են նաեւ պատրիարքական յարկաբաժիններն Էջմիածինի մէջ: Ան եղած է հայ մշակոյթի, գիտութեան, արուեստի եւ գրականութեան մեծ նուիրեալ եւ հովանաւոր: 

Մանթաշեանցի միջոցներով Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի լաւագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսում ստացած են երկու հարիւրէ աւելի հայ պատանիներ ու աղջիկներ:

Նշանաւոր հայորդին մահացած է 1911թ. Ապրիլի 19-ին՝ Փեթերսպուրկ: