Վատիկանի Ս․ Պետրոս տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Գրիգոր Նարեկացիի ծիսական տօնին նուիրուած արարողութիւն։

Արարողութեան ներկայ էին ՀՀ դեսպան Կարէն Նազարեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Տ․ Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեան, աշխատանքային այցով Վատիկան ժամանած ՀՀ ԱԳ նախարարի տեղակալ Պարոյր Յովհաննիսեան եւ  տարագիր հայութեան այլ ներկայացուցիչներ։

Արքեպիսկոպոս Կուճերոթթի եւ դեսպան Նազարեան իրենց խօսքին մէջ անդրադարձած են «Խաղաղութեան վարդապետ»ին (ինչպէս որ Նարեկացին անուանած է Հռոմի Պապ Ֆրանսիսկոս) հոգեւոր գրական ժառանգութեան։ ՀՀ դեսպանը մասնաւորապէս նշած է, որ հայ մեծ սուրբին օրուան ոգեկոչումը Տիեզերական եկեղեցւոյ կողմէ առիթ է ազգային ու համաշխարհային մակարդակներու վրայ վերահաստատելու համերաշխութեան քաղաքակրթութիւն կերտելու միջազգային հանրութեան յանձնառութիւնը։ Կ․ Նազարեան աւելցուցած է, որ հայ ժողովուրդն իր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին երբեք չէ ընկրկած հարեւաններու կողմէ պարտադրուած պատերազմներուն, յարձակման, ցեղային զտման քաղաքականութեան, ցեղասպանութեան, ջարդերու եւ այլ զրկանքներու առջեւ, ու շարունակած է հաւատարիմ մնալ խաղաղութեան ու քրիստոնէական համամարդկային իդէալներուն։

Գաղտնիք չէ, որ հայկական լեռնաշխարհին մէջ  ձեւաւորուած է քաղաքակրթութիւնը, բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է նաեւ մեծ մտածող եւ տիեզերական վարդապետ Գրիգոր Նարեկացին, որ ծնունդով Արեւմտեան Հայաստանի Վասպուրական նահանգի Նարեկ գիւղէն եղած է։ Արեւմտեան Հայաստանը նոյնպէս կ’ոգեկոչէ Տիեզերական վարդապետին ծիսական տօնը եւ խորհուրդ կու տայ ծանօթանալ Նարեկացիի խոհա-փիլիսոփայական աշխատութիւններուն։