Արեւմտեան Հայասատանի Տերսիմ նահանգի Մնձուրի հովիտին մէջ քրոմի հանքարդիւնաբերութեան նախագիծին դէմ տեղի բնակչութեան անունով փաստաբան Պարըշ Եըլտըրըմ դատական ​​հայց  ներկայացուցած է։ Հայցի ծիրին մէջ հանքարդիւնաբերող ընկերութենէն կը պահանջուի դադրեցնել գործունէութիւնը եւ չեղեալ յայտարարել նախագիծը։ Այս առիթով փաստաբանն ըսած է «Մենք թոյլ պիտի չտանք հանքարդիւնաբերութեան նախագիծերու իրագործման այս տարածաշրջանին, յատկապէս՝ Մնձուրի աւազանին մէջ»։

Նշենք, որ «Dosteli» հանքարդիւնաբերող ընկերութիւնը կը նախատեսէ․ 

Մնձուրի հովիտին մէջ գտնուող Քըզըլչայըր բնակավայրի տարածքին մէջ քրոմ արտահանել, որ կրնայ վտանագաւոր ըլլալ յատկապէս կենդանական աշխարհին համար։

Հանքերու՝ շրջակայ միջավայրին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը գնահատող վարչութեան ներկայացուած նախագիծին մէջ վերոնշեան կազմակերպութիւնը վիճայարոյց տարածքի մէջ կենադանիներու տեսակներուն վերաբերեալ ներկայացուցած է խեղաթիւրող զեկոյց։ Մասնաւորապէս՝ Կարմիր գիրքին մէջ գրանցուած կամ պահպանութեան տակ գտնուող տեղայատուկ կենդանիներուն փոխարէն նշուած են թուաքանակով անհամեմատ աւելի շատ եւ տեսակը չվտանգուած կենդանիներ։ Այս թոյլ կու տայ հանքարդիւնաբերողին ազատ գործունէութիւն ծաւալել տուեալ շրջանին մէջ։

Փաստաբան Եըլտըրըմ, ընդգծելով, որ ինք ոչ մէկ պարագայի թոյլ պիտի տայ, որ ծրագիրը իրականացուի, եւս մէկ անգամ՝ բնակչութեան եւ անձամբ իր անունով նշած է, որ մինչեւ դատավարութեան վերջը հետեւողական պիտի ըլլայ գործի ընթացքին։

Արեւմտեան Հայաստանանը կ’արձանագրէ մեր ընդերքի գերօգտագործման հերթական դէպքը, որ մեծ վնաս կրնայ հասցնել բնութեան եւ տուեալ տարածքի տեղայատուկ կենդանատեսակներուն եւ բուսատեսակներուն։ Թրքական ղեկավարութիւնը բռնազաւթուած պահելով Արեւմտեան Հայաստանի տարածքները, կ’իրականացնէ շարք մը անօրինական գործողութիւններ, որոնք կը բերեն իշխանութեան որոշ թեւերու հարստացման եւ մեր տարածքներու հարստահարման։

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը օրինագիծ պիտի առաջարկէ Արեւմտեան Հայաստանի խորհրդարանին՝ Մունզուրի շրջանը եւ Անահիտի ակունքը որպէս արգելոց դասելու վերաբերեալ։