Գտչավանք

Տող գիւղի մերձակայքը, լերան հիւսիս-արեւելեան լանջին, խիտ անտառներու մէջ, կը գտնուի Արցախի միջնադարեան քաղաքական եւ հոգեւոր կեդրոնը` Գտչավանքը: Վաղ միջնադարէն յայտնի վանքը աւերուած է 7-րդ դարուն, արաբներու օրօք եւ կրկին վերակառուցուած է 13-րդ դարուն: 18-րդ դարուն, Դիզակի մելիք Եգանի օժանդակութեամբ, վանքի տարածքն ընդլայնեցաւ: Ճարտարապետական տեսանկիւնէ Գտչավանքի վանական համալիրը դարաւոր հայկական մշակոյթի ամէնէնհ հետաքրքրական յուշարձաններէն մէկն է: