
Երկար դարերու ընթացքին, անցնելով աննկարագրելի դժուարութիւններէ, ողբերգական իրավիճակներէ, հայ ժողովուրդը ոչ միայն պահպանած է, այլեւ զարգացուցած ժողովրդական ստեղծագործութիւններու աւանդոյթը իր վարպետ սերունդներուն միջոցով: Ասեղնագործական բազմերանգ եւ բարձրարուեստ գործերը գլխաւորաբար ստեղծուած են կիներու շնորհիւ: Արեւմտեան Հայաստանի Մարաշ նահանգը՝ իր յարակից բնակավայրերով դարեր շարունակ նշանաւոր եղած է իր ասեղնագործութեամբ: Մարաշին բնորոշ
ասեղնագործ աշխատանքները երկու խումբի կը բաժնոուին․ առաջինը հարթակար (Զէյթունի կար կամ կոթ ասեղ), երկրորդը գաղտնակարն է, հիւսուած կար, որ կը կոչուի նաեւ իրկա: Այս երկրորդն է, որ շատ բնորոշ է Մարաշին: Ասեղնագործութեան համար նախատեսուած կտորը կոչուած է էպէնէզէր: Զարդանախշերուն մէջ յաճախ հանդիպող Տ նշանը չափազանց կարեւոր է մշակութաբանական տեսակէտէ: Վիշապի կամ օձի ամէնէն պարզ ձեւը յիշեցնող այս նշանը Մարաշի ասեղնագործութեան մէջ օժտուած է նաեւ թեւիկներով: Վիշապը հանդէս կու գայ որպէս կենաց ծառի պահապան: Մարաշի մէջ մինչեւ 20-րդ դարու 40-50-ական թթ. աշխատած են տեղական կամ ներմուծուած բամպակեայ կտորի վրայ, որ կոչուած է խասա: Կ’ընթադրուի, որ նաեւ օգտագործուած են մետաքսեայ եւ ոսկեայ թելեր:
