ԵԱՀԿ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան նախաձեռնութեամբ Մարտի 2-ին ԵԱՀԿ Մշտական Խորհուրդի նիստի օրակարգ բերուած է «Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ կայացուած որոշումը Բերձորի միջանցքին վերաբերեալ» հարցը, որուն ներքոյ ելոյթներով հանդէս եկած են բազմաթիւ երկիրներու պատուիրակութիւններ՝ ընդգծելով դատարանի որոշման կատարման բացարձակ անհրաժեշտութիւնը։

Ինչպէս կը տեղեկանանք ՀՀ ԱԳՆ-ի տարածած հաղորդագրութենէն, ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Արմէն Պապիկեան նիստի ընթացքին հանգամանօրէն անդրադարձած է Արդարադատութեան միջազգային դատարանին կողմէ կայացուած որոշման, որով դատարանը փաստած է, որ առկայ է «Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման» միջազգային համաձայնագիրի ծիրին մէջ հայերու իրաւունքներուն անդառնալի վնաս հասցնելու անմիջական վտանգ եւ Ատրպէյճանին պարտադրած է ձեռնարկել անհրաժեշտ բոլոր միջոցները՝ ապահովելու Բերձորի միջանցքով մարդոց, փոխադրամիջոցներու եւ բեռի երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը:

Դեսպանը շեշտած է, որ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի հրատապ միջոցներն իրաւաբանօրէն պարտադիր են, սակայն մինչեւ օրս Ատրպէյճան չէ դադրեցուցած Բերձորի միջանցքի շրջափակումը։