
Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակը նոր մանրամասներ յայտնած է Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ քննարկումներուն վերաբերեալ: «Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան միջնորդութեամբ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն, 2023 թուականի Մարտի 1-ին խաղաղապահ զօրախումբի շտաբին մէջ՝ գեներալ-մայոր Անդրէյ Վոլկովի մասնակցութեամբ, կազմակերպուած է արցախեան եւ Պաքուի իշխանութիւններու հանդիպում՝ Ռամին Մամետովի գլխաւորութեամբ։ Հանդիպման օրակարգային հարցերն էին․
- Արցախի Հանրապետութիւն բնական կազի մատակարարման անխափանութեան ապահովումը եւ յետագայ կազանջատումներու բացառումը.
- Արցախի Հանրապետութեան ելեկտրամատակարարման վերականգնման նպատակով Սիւնիք մարզէն Արցախ մտնող միակ ելեկտրական գիծին՝ Պաքուի իշխանութիւններու վերահսկողութեան ներքոյ գտնուող հատուածի զննման եւ «Արցախէներկօ» ՓԲԸ մասնագէտներուն կողմէ վերականգնողական աշխատանքներու իրականացման հնարաւորութեան ապահովումը.
- Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիի ամբողջական բացումը։
Բացման խօսքին մէջ խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարը ներկայացուցած է հանդիպման մասնակիցները՝ որպէս Արցախի Հանրապետութեան եւ Պաքուի իշխանութեան կողմեր։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը պայմանաւորուած էին առայժմ հանրայնացնել միայն ընդհանուր գիծերով տեղեկատւութիւն՝ այն նկատառմամբ, որ գործընթացը տակաւին աշխատանքային հանգրուանի մէջ է։ Սակայն հանդիպումէն կարճ ժամանակ անց, Պաքուի իշխանութիւնը իր երկրի տեղեկատուական հարթակներուն վրայ տարածած է ապատեղեկատւութիւն։
Արեւմտեան Հայաստանը անընդունելի կը համարէ Ատրպէյճանի գործողութիւնները, զորս կ’իրականացնէ Արցախի նկատմամբ։ Արեւմտեան Հայաստանը՝ ներառեալ Արցախը ճանչցուած է ազգերու լիկային կողմէ եւ Արեւմտեան Հայաստանն է, որ միջազգայնօրէն իրաւասու է որոշումներ կայացնելու Արցախի անունով։ Մենք խստօրէն կը դատապարտենք Ատրպէյճանական սադրիչ գորոծողութիւնները, որոնք նպատակ ունին ապակայունացնել տարածաշրջանային իրավիճակը։