Նիւ Եորքի «Մետրոպոլիտ» թանգարանը կրկին մատնանշած է Այվազովսկիի հայկական ծագումը։

«Այվազովսկի յայտնի ծովանկարիչ էր, որուն տենչը դէպի ծովը սկսած է ծննդավայրէն՝ այն ժամանակ Ռուսական կայսրութեան կազմին մէջ գտնուող Ղրիմէն։ Որպէս քաղաքի հայ համայնքի անդամ՝ Այվազովսկի հարուստ մշակութային եւ լեզուական ծագում ունէր։ Ան շատ աշխատած է, եւ անոր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած են բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի, Վրաստանի, Իտալիոյ, Ռուսիոյ, եւ Ուքրանիոյ մէջ»,- նշուած է ծովանկարիչին ստեղծագործութիւններէն մէկուն մակագրութեան մէջ։

Յիշեցնենք, որ Այվազովսկիի նախնիները Կալիսիոյ հայերէն էին, որոնք 17րդ դարուն Կալիսիա գաղթած էին Արեւմտեան Հայաստանէն։ Նկարիչի ծննդավայրին՝ Թէոդոսիոյ հայկական եկեղեցւոյ ծննդեան եւ մկրտութեան մատեանին մէջ Այվազովսկիի ծնունդը գրանցուած է՝ Գէորգ Այվազեանի որդի Յովհաննէս։