
Ինչպէս կը տեղեկացնեն թրքալեզու որոշ լրատուամիջոցներ, բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի Անտիոք քաղաքին մէջ երկրաշարժէն մօտ մէկ ամիս անց իրավիճակը կը շարունակէ մնալ անորոշ եւ անկայուն: Երկրաշարժէն զգալիօրէն տուժած քաղաքի բնակիչները պետութեան կողմէ օգնութեան անհրաժեշտութիւն ունին: Հարազատներն ու տուները կորսնցուցած մարդիկ յուսահատ այս ու այն կողմ կը շտապեն իրենց հասանելի օգնութիւնը հայթայթելու համար, որմէ սակայն, այդպէս ալ չեն կրնար օգտուիլ: Մասնաւորապէս, վրաններու բացակայութիւնը խիստ բասացաբար կ’անդրադառնայ յատկապէս այն ընտանիքներուն վրայ, ուր առկայ են հիւանդ անդամներ ու երեխաներ: Շարք մը բնակիչներ ալ կը բողոքեն սնունդի պակասէն կամ անոր անհասանելութենէն: Ինչպէս կը նշէ բնակիչներէն մէկը՝ «Այստեղ ոչ ջուր, ոչ վրան, ոչ պետութիւն կայ, բոլորը մեզ լքած են, մնացած ենք բախտի քմահաճոյքին»: Մէկ այլ բնակիչի խօսքով, «Երկրաշարժի առաջին օրէն ոչինչ փոխուած է, բնակիչները ըմբոստացած են թրքական կառավարութեան դէմ եւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցելու մասին խօսք անգամ չկայ: Աշխարհը չմոռցաւ մեզ, բայց ամօթ մեր երկրի ղեկավարութեան, որ այսքան արագ մեզ մոռցաւ ու անցած է քաղաքականութեան»։
Արեւմտեան Հայաստանը կոչ կ’ուղղէ միջազգային հանրութեան կա՛մ օգնել Արեւմտեան Հայաստանի բռնազաւթուած տարածքներուն մէջ երկրաշարժին հետեւանքով անելանելի դրութեան մատնուած բնակիչներուն, կա՛մ սանձել թրքական իշխանութիւններն ու միջազգային ուժերու ներգրաւմամբ Արեւմտեան Հայաստանի ղեկավարութեան հնարաւորութիւն տալ ըստ արժանւոյն օգնութիւն ցուցաբերել։ Այժմ Արեւմտեան Հայաստանը չի կրնար ձեռնարկել գործողութիւններ՝ թրքական իշխանութիւններու կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքը բռնազաւթուած ըլլալուն պատճառով, այժմ դրութիւնը խիստ զգայուն է, եւ պէտք է շտապել։