
Ֆրանսայի խորհրդարանը բանաձեւ ընդունած է, ուր կը նշուի, որ 1915-1918 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան վերջին շրջաններուն ասորիներու եւ քաղդէացիներու նկատմամբ իրականացուած է «ցեղասպանութիւն»: Նախաձեռնութիւնը առաջին անգամ առաջադրուած է խորհրդարանի վերին պալատին՝ Սենատի մէջ։ Այնտեղ մեծամասնութիւն կազմող աջակողմեան «Հանրապետական» կուսակցութեան 76 սենատորներու կողմէ ներկայացուած «1915-1918 թուականներուն ասորիներու եւ քաղդէացիներու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան ճանաչումը» վերնագիրով բանաձեւի նախագիծը հաւանութեան արժանացած է 2 դէմ, 300 կողմ ձայնով։
Օրինագիծին մէջ կառավարութեան կոչ կ’ուղղուի «1915-1918 թուականներուն օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ աւելի քան 250 հազար ասորիներու եւ քաղդէացիներու դէմ կատարուած զանգուածային սպանութիւնները, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումը, տեղահանութիւնը ճանչնալ որպէս ցեղասպանութիւն», «բացայայտօրէն դատապարտել այս ցեղասպանութիւնը» եւ «ամէն տարի Ապրիլի 24-ը հռչակել որպէս Հայերու, Ասորիներու եւ Քաղդէացիներու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան օր»:
Մարսելէն սենատոր, Հանրապետական կուսակցութեան անդամ Վալերի Պուայէ, որ այս բանաձեւի նախաձեռնողն է, քուէարկութեէնէն առաջ գլխաւոր համախմբշան իր ելոյթին մէջ պնդած է, որ «1915-1918 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան տարածքին ապրող 2,5 միլիոն քրիստոնեաներ գոյութենական, մշակութային եւ կրօնական ցեղասպանութեան զոհ դարձած են»։