Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ-ի կառավարութիւնը մտացածին փոխարինած է Հայաստան անուանումը այնպիսի եզրերով, ինչպիսիք են Քուրտիստանը կամ Անատոլիան։

1880 թուականէն ի վեր Հայաստան անուանումն արգիլուած է օգտագործել պաշտօնական փաստաթուղթերու մէջ։

«Աշխարհագրական անուանումներու «ազգայնացման» գործընթացը շարունակեցին երիտթուրքերու գաղափարական իրաւայաջորդները՝ քեմալականները։ Այն առաւել թափ  հաւաքեց հանրապետականներու  ​​ժամանակաշրջանին։ 1923 թուականէն անոնց կողմէ  Արեւմտեան Հայաստանի ողջ տարածքը պաշտօնապէս վերանուանուեցաւ «Արեւելեան Անատոլիա»։

Առաւել քան ակնյայտ է, որ օսմանեան պատմագիրներն ու մատենագիրները, ի տարբերութիւն ժամանակակից թուրքերու, շատ լաւ գիտէին Հայաստանի գտնուելու վայրը եւ չէին շփոթեր զայն  Անատոլիոյ հետ»:

Ինչպէս  եւրոպական, այնպէս ալ օսմանեան, հայկական, ռուսական, պարսկական, արաբական եւ այլ սկզբնաղբիւրներու մէջ Հայաստանը չեն շփոթեր Անատոլիոյ հետ։ Այս, ի թիւս այլ հարցերու, կ’արտացոլէ այն փաստը, որ նոյնիսկ  պետականութեան կորուստէն ետք հայ ժողովուրդը տակաւին մեծամասնութիւն կը կազմէր իր հայրենիքին մէջ, որ ճանչցուած էր նաեւ օսմանեան բռնազաւթիչներու կողմէ։ Ուստի այսօր շատ ցաւալի է տեսնել տարագրութեան մէջ գտնուող որոշ հայ պատմաբաններ եւ նոյնիսկ տարագիր որոշ դիւանագէտներ ու վերլուծաբաններ նաեւ Հայաստանի մէջ, որոնք սկսած են «Արեւմտեան Հայաստան» եզրը փոխարինել «Արեւելեան Անատոլիա» եզրով։

Այս մարդիկ պատրաստակամօրէն  ստանձնեցին Ապտուլ Համիտի 1880 թուականի հրամանագիրը հրապարակելու գործը։ Անհաւատալի է, որ տարագրութեան մէջ  որոշ պատմաբաններ նոյնիսկ կ’օգտագործեն «Անատոլիա» եզրը ողջ Հայկական լեռնաշխարհը նկարագրելու համար։

Մեզի համար անընդունելի է այս մէկը, քանի որ  Արեւմտեան Հայաստանի՝ «Արեւելեան Անատոլիա» եզրով փոխարինումը պիտի նշանակէ կամաւոր հրաժարում մեր հայրենիքէն, մեր պատմամշակութային ժառանգութենէն, ժխտելով հայերու դէմ իրագործուած Ցեղասպանութիւնը՝ մոռացութեան մէջ թաղելով անոր հետեւանքները։ Ինչպէս նաեւ կը նշանակէ սատարել թրքական ժխտողական դիրքորոշման՝ Արեւմտջեան Հայաստանի եւ հայ ազգի իրաւունքներուն նկատմամբ։

1920 թուականին ձեռք բերուած Արեւմտեան Հայաստանի իրաւունքներու ժխտումը, պետականութիւն ձեռք բերելու դիմաց հաւատալը (Արեւելեան Հայաստանին, այդ թուին՝ Արցախին) քաղաքական խարդախութիւն է (տէ ֆաքթօ), որ պիտի յանգեցնէ միայն իրաւական փակուղիի (տէ իւրէ):Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդի նախագահ՝ Արմենակ Աբրահամեան