
Հայկական մշակոյթը կը շարունակէ առանձնանալ իր իւրայատուկ արհեստներով, որոնցմէ, ցաւօք, այսօր քիչեր պահպանուած են: Քարի տարատեսակներով հարուստ Հայաստանի մէջ հնագոյն ժամանակներէ զարգացած էին քարագործութիւնը. տուները, ամրոցները, եկեղեցիները, կամուրջները գլխաւորաբար կառուցուած են քարէ: Յետագային յայտնաբերեցին կաւը, մեծ զարգացում ապրեցաւ բրուտագործութիւնը: Քարագործութեամբ զբաղող արհեստաւորները, քարի վրայ գեղարուեստական քանդակ–փորագրութիւններ կատարող վարպետները կոչուած են քարգործ: Քարգործ անուանուած են անգամ, ականաւոր ճարտարապետները։ Անոնք կառուցած են ոչ միայն քաղաքներ, ամրոցներ, նշանաւոր քաղաքացիական շէնքեր, տաճարներ, քարաւանատուներ ու կամուրջներ, կանգնեցուցած յուշարձանկոթողներ, այլեւ պատրաստած են ջրաղացի ու ձիթհանի քարեր, աղորիք-երկանքներ, հաւանգներ, տաշտ ու անօթներ եւ այլ իրեր, առարկաներ։ Քարագործութիւնը հայ ժողովուրդի աւանդական ու սիրուած արհեստն է եւ յաճախ վերափոխուած է իսկական արուեստի եւ այսօր ալ կը պահպանէ իր աւանդական ուժն ու զօրութիւնը։
