Հայազգի ամերիկացի քահանայ, Չարլթոնի դաշնային եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Կարի Շահինեան Telegram & Gazette ամերիկեան պարբերականի էջերուն գրառում կատարած է, որմէ կը մեջբերենք հատուածներ. «Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ խիստ զսպողական եւ բռնակալ վարչակարգը, երկար ժամանակէ ի վեր կը քարոզէ պաշտօնական հայատեացութիւնը եւ բազմիցս սպառնացած է բռնի ուժով գրաւել ոչ միայն Արցախը, այլեւ Երեւանն ու Հայաստանի այլ շրջանները, որոնք իր պնդմամբ՝ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» են։ Արցախը կամայականօրէն խորհրդային Ատրպէյճանին յանձնած է Իոսիֆ Ստալին 1923 թուականին: Ստալին այս որոշումը կայացուցած է՝ հակառակ այն բանին, որ Արցախ 2500 տարի հայկական եղած է: Այն պատմական հայկական հայրենիքի մասն է, որուն բնակչութեան 95%-ը բնիկ հայեր եղած են այն ժամանակ, երբ յանձնուած է Ատրպէյճանին։ Ատրպէյճանական զինուժը 2020 թուականի Սեպտեմբերի 27-ին յարձակած է Արցախի հայ խաղաղ բնակիչներուն վրայ։ Անոնց օգնած են Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի փտած զինուած ուժերը: 

Տասնամեակներ շարունակ Ատրպէյճան ոչնչացուցած է տարածաշրջանի ամէնէն սուրբ քրիստոնեական վայրերը: Ան աշխոյժ կերպով կը քարոզէ հայկական մշակոյթը ոչնչացնելու արշաւը, ինչպէս այն տեղի ունեցաւ Նախիջեւանի մէջ,  ուր 1920 թուականին աւելի քան 50 հազար հայ կ’ապրէր, բայց ուր այսօր հայկական ժառանգութեան կամ բնակչութեան հետք չկայ: Ատրպէյճանցի երեխաներուն դպրոցներուն մէջ պաշտօնապէս հայատեացութիւն  կը սորվեցնեն։ Ատրպէյճանի բռնապետ Ալիեւ հասկցնել տուած է, թէ կը ցանկայ, որ Սիւնիքի ճանապարհն անցնի ինքնիշխան պետութիւն Հայաստանով եւ կապէ Ատրպէյճանն ու Նախիջեւանը, «անկախ այդ բանէն, թէ Հայաստան կ’ուզէ, թէ ոչ: Եթէ ​​Հայաստան ցանկայ, հարցը աւելի դիւրին պիտի լուծուի։ Եթէ ​​ չ’ուզեր, ուրեմն մենք այն պիտի լուծենք ուժով»։  

Արցախի պաշարումը կրնայ  թրքական կառավարութեան կողմէ համակարգուած Հայերու Ցեղասպանութեան յաջորդ հանգրուանն ըլլալ: Ատրպէյճան ակնյայտօրէն կը ցանկայ արմատախիլ ընել Արցախի հայ բնակչութիւնը։ Այս ցեղասպանութեան դրսեւորում է»: