
Դիզափայտ
Արցախի ամէնէն բարձր լեռնագագաթներէն մէկը՝ Դիզափայտը, եւս կը գտնուի Հադրութի մէջ: Այն նաեւ սրբավայր համարուած է, որ բազմաթիւ ուխտաւորներ եւ ճանապարհորդներ գրաւած է ոչ միայն Արցախէն, այլեւ ամբողջ աշխարհէն: Ուխտաւորները լեռը կը բարձրանան գլխաւորաբար ամրան:
Ըստ աւանդութեան, լերան գագաթը, հինաւուրց Կատարոյ վանքին տեղը, 330-ականներուն նահատակուած են մազքթաց արքա Սանեսանի զաւակներն ու բազմաթիւ քրիստոնեաներ, զորս դարձի բերած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռը՝ Արցախ աշխարհի առաջին եպիսկոպոս Ս. Գրիգորիս։ Նորահաւատները դիզած են ինչպէս փայտը եւ այրած (այստեղէն ալ եկած է լերան անունը)։ Նահատակներուն մասին հիւսուած են նաեւ այլ աւանդազրոյցներ։ Հայաստան ներխուժած արաբները լեռն անուանած են Զիարաթ, որ արաբերէն կը նշանակէ «սրբավայր»։