
ՀՀ ԱԳՆ-ը յայտարարութեամբ ահաբեկչութիւն որակած է Մարտի 5-ին Արցախի դէմ Պաքուի իրականացուցած ներթափանցումը՝ նշելով, որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ Բերձոր եւ Արցախ միջազգային փաստահաւաք խումբ գործուղելը կը դառնայ կենսական անհրաժեշտութիւն։
«Մարտի 5-ին Ատրպէյճանի զինուած ուժերու կողմէ Արցախի մէջ իրականացուած ներթափանցման յարձակման հետեւանքով զոհուած են Արցախի Հանրապետութեան Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան երեք ծառայող, մէկը վիրաւորուած է: Փաստերը կը վկայեն, որ այս նախապէս ծրագրաւորուած եւ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ հրահանգաւորուած սադրանք է: Տեղի ունեցածէն ետք Արպէյճանի պաշտօնական մարմինները տեղեկութիւններ տարածեցին, թէ իբր տեղեկատւութիւն ստացած են, թէ Հայաստանէն զէնք, զինամթերք ու անձնակազմ կը տեղափոխուի Արցախ եւ իրացուցած են այդ տեղեկատւութիւնը:
Ատրպէյճանական ներթափանցող խումբին գործողութիւնները այլ կերպ, քան ահաբեկչութիւն, հնարաւոր չէ որակել: Գրեթէ երեք ամիս շարունակ Բերձորի ճանապարհի արգելափակման եւ Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտ ստեղծելուն ուղղուած գործողութիւններուն զուգահեռ Ատրպէյճան կը շարունակէ Արցախի հայ բնակչութեան ահաբեկման գործողութիւնները՝ իրենց հայրենիքին մէջ ապրելու համար անմարդկային պայմաններ ստեղծելու միջոցով ցեղային զտումներ իրականացնելու վերջնական նպատակով»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Արեւմտեան Հայաստանը դատապարտելով Ատրպէյճանի թշնամական եւ յարձակողական գործողութիւնները, կոչ կ’ուղղէ միջազգային կառոյցներուն պատժամիջոցներ սահմանել բռնազաւթիչ Ատրպէյճանի նկատմամբ։ Այս եւս մէկ անգամ կ’ապացուցէ, որ Ատրպէյճան պատրաստ չէ խաղաղութեան եւ միակ փաստաթուղթը, որ կրնայ տարածաշրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութիւն հաստատել, Սեւրի դաշնագիրն է։