
Արեւմտեան Հայաստանի Սամոսատ նահանգին անունը հայկական լրատուական դաշտին մէջ սկսաւ առաւել աշխոյժ կերպով արծարծուիլ վերջերս՝ աւերիչ երկրաշարժէն ետք հայ փրկարարներուն այնտեղ մեկնման հետ կապուած: Ինչպէս գիտենք՝ վերջիններս աշխատած են Ատըեամանի մէջ: 2023թ. Փետրուարի 6-ի ուժգին երկրաշարժէն ետք, սակայն, հին Ատըեամանի պատմութիւնը մօտեցաւ իր աւարտին: Մեծաւ մասամբ աւերուած Ատըեամանը նոյն տեղը պիտի չվերականգնեն, այլ պիտի տեղափոխեն քաղաքը մօտակայ այլ վայր եւ կրկին նորովի պիտի կառուցեն: Հողին պիտի հաւասարեցուի եւ կրկին կառուցուի նաեւ տեղի ասորական եկեղեցին, որ կը սպասարկէր նաեւ հայ համայնքին: Ըստ մասնագէտներու՝ եկեղեցւոյ նորոգումն անհնար է: Ատըեաման նահանգին մէջ քրիստոնեայ հայերէն երկուքը զոհ գացած են աւերիչ երկրաշարժին, իսլամացած հայ ընտանիքներու զոհերը քանի մը անգամ աւելի են: Իսլամացած հայերու կորուստները, ի հարկէ, հաշուելը գործնականօրէն բարդ է, քանի որ անոնք պետութեան կողմէ չեն հաշուարկուած հայ համայնքի կազմին մէջ եւ աոնց կորուստներուն տուեալները Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի ցուցակներէն կը բացակային: Քահթա քաղաքէն պաշտօնեայի մը խօսքով, միայն Քահթա շրջանին մէջ 5000-8000 հայեր կ’ապրին։
Երկրաշարժէն օրեր անց Մեճլիսի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլան Պոլսոյ հայկական լրատուամիջոցներուն յայտնած էր, որ Ատըեաման քաղաքի բնակչութեան շուրջ 80 տոկոսն արդէն լքած է բնակավայրը, իսկ մնացեալը կը սպասեն հարազատներու մարմիններու գտնուիլը, որպէսզի զանոնք հողին յանձնելուն պէս նոյնպէս լքեն քաղաքը: Ըստ Փայլանի, բնակիչներու յատկացուող ֆոնտի բացակայութեան եւ անհրաժեշտ վրաններու՝ այդպէս ալ Ատըեաման չհասնելուն հետեւանքով մարդոց այդտեղ մնալը գործնականօրէն անհնար է: Ատըյամանցիներուն պնդմամբ, որոնողա-փրկարարական աշխատանքները քաղաքին մէջ սկսած են միայն երրորդ օրը, երբ փլատակներուն տակ մնացած շատերու ապրելու յոյսերը արդէն խիստ նուազ էին:
