Հայ ար­ծա­թագործ ար­հեստաւորներու աւան­դութեամբ յի­­շատակուող Վան քա­­ղաքին մասին Յովսէփ Թո­քաթ գիրք  հրա­տարա­կած էր, որ որպէս ու­­րոյն ու­­սումնա­­սիրու­­թիւն, այժմ լոյս  տե­­սած է «Վա­­նի Ան­­հե­­­տացած Աշ­­խարհը» խո­­րագի­­րով։

Այս ու­­սումնա­­սիրու­­թեան մէջ հե­­ղինա­­կը տա­­րած­­աշրջա­­նի աշ­­խարհագ­­րա­­­կան, ազ­­գագրա­­կան եւ մշա­­կու­­թա­­­յին իւրա­­­յատ­­կութիւննե­­րը կ’ու­­սումնա­­սիրէ, մեկ­­նարկե­­լով հե­­թանո­­սական շրջան­­նե­­­րէն մին­­չեւ Օս­­մա­­­նեան Կայրսու­­թեան վար­­չա­­­կազ­­մին ու­­նե­­­ցած դե­­րը։

Յով­­սէփ Թո­­քաթ ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Քղի գաւառի Ճեր­­մակ գիւղը եւ եօթ տա­­րեկա­­նին ըն­­տա­­­նիքին հետ գաղթ­­ած  է Կ. Պոլիս։ Գիր­­քի նա­­խաբա­­նին մէջ ան կը նշէ,  թէ ինչպիսի մեծ տպաւորութիւններ ձգած է Վա­­նը իր սրտին եւ յի­­շողու­­թեան մէջ։

«Պատ­­մութեան գրա­­կանու­­թեան մէջ որո­­նումնե­­րու ոդի­­սական էր, որուն պտու­­ղը եղաւ այս գիր­քը»,- նշած է հեղինակը։