
Կիներու միջազգային օրը կը նշուի ամէն տարի Մարտի 8-ին։ Այս օրը՝ կիներու իրաւունքներուն համար պայքարի արտայայտումն է։ Տակաւին հեթանոսական ժամանակներէն կինը հայերուն մօտ կը համարուէր ընտանիքին հիմքը: Հեթանոսական դիցարանին մէջ կարեւոր դեր կը խաղային Անահիտ, Աստղիկ եւ Նանէ աստուածները: Ընդ որում` Անահիտ գլխաւոր աստուածներէն մէկն էր` Արամազդի դուստրը: Քրիստոնէութեան մուտքէն ետք կնոջ պաշտամունքն արտայայտուած է Աստուածամօր կերպարով: Հին դարերուն ունեցած ենք կին թագաւորներ՝ Էրատօ, Փառանձեմ, Զապէլ: Յայտնի է նաեւ, որ հայկական արքունիքներուն մէջ թագաւորներու կիները նոյնպէս որոշ դեր ունեցած են։ Ժամանակակից հասկացութիւններով՝ հայ կիներու հասարակական ու քաղաքական դերի աշխուժացումը սկսած է 19-րդ դարուն: Անոր էապէս կը նպաստեն հայաշատ քաղաքներու մէջ օրիորդաց դպրոցներու հիմնումը: Կիներու հասարակական գործունէութիւնն առաւել աշխոյժ էր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ, ուր հասարակական աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալող կիներէն 19րդ դարու վերջը յատկապէս շատ յայտնի էին երկուքը` Սրբուհի Վահանեան եւ Զապէլ Ասատուր: Կիներէն շատեր գործուն մասնակցութիւն ունեցած են Արեւմտեան Հայաստանի մէջ սկիզբ առած ֆիտայական շարժման: Անոնցմէ ամէնէն շատ յայտնի են ֆիտայապետ Աղբիւր Սերոբի կինը` Սոսէ, Գէորգ Չաուշի հաւատարիմ զինակից Եղսօ, կին ֆիտայի Հայօ-Հայաստան, օրիորդ Սաթենիկ Մատինեան, Մարօ Մակարեան, Սաթօ Օհանջանեան, Կիւլիզար, Սասունցի Շաքէ, օրիորդ Մարիամ Չիլինգարեան…
Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեան այս առիթով նշած է․ «Թանկագին կիներ, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անձամբ իմ անունէս ի սրտէ կը շնորհաւորեմ Ձեզ՝ Կիներու միջազգային օրուան առթիւ:
Կը մաղթեմ, որ ունենաք աւելի մեծ դեր մեր երկրի պետական ու հասարակական կեանքին մէջ: Ձեր ներկայութեամբ եւ ներգրաւուածութեամբ դուք դրականօրէն կը փոխէք մթնոլորտը բոլոր ասպարէզներու մէջ՝ դարձնելով աւելի բարի ու հանդուրժող, աւելի կառուցողական ու արդիւնաւէտ: Ձեր հմայքով դուք մեր կեանքը կը դարձնէք աւելի բարեյաջող ու իմաստալից: Եւ մենք ամէն հնարաւոր ջանք ի գործ պիտի դնենք, որպէսզի դուք միշտ ուրախ ու երջանիկ ըլլաք»: Արեւմտեան Հայաստանի պետական հեռուստակայանին կողմէ պատրաստուած թղթակցութիւնը կրնաք դիտել մեր եութուպեան ալիքէն:

