
Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան հանդէս եկած է յայտարարութեամբ. «Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմին կողմէ հաւաքագրուած տեղեկութեան համաձայն, Մարտի 5-ին՝ ժամը 10:00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներթափանցող խումբին կողմէ յարձակման ենթարկուած է Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան անձնակազմի հերթափոխի մեքենան, որուն հետեւանքով, այս պահուն ճշդուած տուեալներով 3 անձ զոհուած է, 1-ը՝ վիրաւորուած։ 2,5 ամիս շարունակուող շրջափակման պայմաններուն մէջ ատրպէյճանական կողմը վերջին օրերուն կը դիմէ նաեւ զինուած յարձակումներու՝ տարբեր ուղղութիւններով թիրախաւորելով նաեւ գիւղատնտեսական աշխատանքներ իրականացնող քաղաքացիներն ու գիւղատնտեսական մեքենաները։
Ատրպէյճանի գործողութիւնները, Արցախի ժողովուրդի գոյութենական եւ հոգեբանական անձեռմխելիութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները, մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումները կը փաստեն, որ ան չի հրաժարիր ուժի կիրառմամբ Արցախի ամբողջական հայաթափման եւ Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպանական նպատակներէն։
Միջազգային ողջ համայնքին՝ առաջնահերթօրէն ՄԱԿ անվտանգութեան խորհուրդի անդամ երկիներուն՝ որպէս միջազգային խաղաղութեան պահպանման պարտականութիւն ունեցող կառոյց, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան (Ռուսիա, ԱՄՆ, Ֆրանսա) համար առաւել քան ակնյայտ պէտք է ըլլան Ատրպէյճանի նկրտումներն ու Արցախը ցեղային զտման ենթարկելու նպատակները։
Միջազգային հանրութեան կոչերն անտեսելն ու ՄԱԿ արդարադատութեան դատարանին կողմէ կայացուած որոշումը չկատարելը յստակ ցուցիչ են, որ միջազգային հանրութիւնն այլեւս գործ ունի յանցաւոր վարչախումբի եւ միջագային իրաւունքը լկտիաբար անտեսող ու հեղինակազրկող մարմնի հետ, զոր համոզելու միակ ճանապարհը զսպիչ եւ պատժիչ միջոցառումներու իրականացումն է»: