ԵՄ-ը անցեալին պէս մտահոգ է, որ Բերձորի ճանապարհով տեղաշարժման ազատութեան շարունակական խախտումները կ’ազդեն Արցախի մէջ մարդու իրաւունքներու, այդ թուին՝ առողջապահութեան, կրթութեան եւ պարենային ապահովութեան  իրաւունքներու վրայ, նշուած է ԵՄ յայտարարութեան մէջ։

«ԵՄ-ը կոչ կ’ուղղէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն եւ բոլոր պատասխանատուներուն երաշխաւորել Գորիսի տարածաշրջանը Ստեփանակերտին կապող ճանապարհով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ համաձայն 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան եւ պահպանել միջազգային դատարանի 2023 թուականի Փետրուարի 22-ի որոշումը։

ԵՄ-ը Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ կ’ուղղէ շարունակել մասնակցիլ երկխօսութեան, այդ թուին՝ առաջնորդներու մակարդակով։ Մենք անհամբեր կը սպասենք Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Միշէլի աջակցութեամբ խաղաղ գործընթացի շարունակումը»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Leave a Reply