Հազարամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ ազգը կերտած է իր ինքնատիպ մշակոյթը եւ ունի իր ազգային տօնածիսական համակարգը, եւ օտարածին, օտարապաշտ տօներուն համակերպուելու կարիք չունի։ Հայկեան տոմարով Արեգ ամսուան 19րդ օրը կոչուած է ԱՆԱՀԻՏ եւ նշուած մայրութեան ու պտղաբերութեան Դիցամայր Անահիտի փառաբանման տօն (կապուած է Արեւի 19 աստիճաններուն հետ): Գրիգորեան (ներկայիս) օրացոյցին այն համապատասխանեցնելու համար անհրաժեշտ է Արեգ ամսուան Արեգ օրէն, այսինքն Մարտի 21֊էն հաշուել 19 օր. Արդիւնքը Ապրիլի 8-ն է: Ուրեմն ուրկէ՞ եկած է Ապրիլի 7֊ը: Երկրագունդի գիշերակաւասարէն կախուած նոր տարին՝ գարնանային օրահաւասարը, հին ժամանակ տեղի ունեցած է Մարտի 20֊ին, որմէ հաշուելով 19 օր՝ նոր տոմարով կը ստանանք Ապրիլի 7 (այս բնական է): Այս տարի օրահաւասարը (Արեգակի կեդրոնի հատումը հասարակածի գիծին հետ) տեղի պիտի ունենայ է Մարտի 21֊ին, Հայաստանի ժամանակով (+4) 01։58֊ին, հետեւաբար 《Անահիտ》 օրն, այսինքն 19րդ օրը կը համապատասխանէ Ապրիլի 8֊ին:

Պատուելի՛ հայուհիներ, տիեզերագիտօրէն ձեր տօնը Ապրիլի 8֊ին է։ Այդ օրը աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլայ դէպի տիեզերք գացող հոգեւոր ազդակներուն համար։ 

Իսկ մենք ձեզ կը սիրենք եւ կ’ընդունինք տարուան բոլոր եղանակներուն, ամսուա բոլոր օրերուն եւ օրուայ բոլոր ժամերուն։