Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումներու ժամանակ Կովկասեան հարցերով աւագ խորհրդատու Լու Պոնօ ընդգծած է Բերձորի ճանապարհով ազատ եւ բաց առեւտրային ու մասնաւոր տեղաշարժի անհրաժեշտութիւնը։ Լու Պոնօ նաեւ այցելած է Ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայերու դէմ իրականացուած Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։

Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւն