
Արեւմտեան Հայաստանի տեղանուններու ուսումնասիրութեան խնդիրը զուտ գիտական նշանակութենէ զատ, ունի նաեւ քաղաքական մեծ կարեւորութիւն: Որեւէ պատմաաշխարհագրական տարածաշրջանի պատմութեան, առաւել եւս անոր վաղնջական շրջանի հետազօտութեան համար տեղանունները հսկայական նիւթ կը պարունակեն: Այդ տեսանկիւնէ յատկապէս կը կարեւորուի պատմաազգագրական այն տարածքներու տեղանուններու ուսումնասիրութիւնը, որոնք պատմագրութեան մէջ լուրջ վէճերու, այդ թուին` քաղաքական տարակարծութիւններու առիթ կու տան: Մասնաւորապէս, խօսքը կը վերաբերի Ջաւախքին։ Մեծ Հայքի թագաւորութեան 15 նահանգներէն տասներեքերորդին` Գուգարքի գաւառներէն Ջաւախքը կը յիշատակուի ութերորդը: Ջաւախք տեղանունը, ինչպէս յստակ կը դառնայ Արարատեան թագաւորութեան արձանագրութիւններէն, Ն.Ք. 9րդ դարու վերջէն Հայկական լեռնաշխարհի հիւսիսը յիշատակուող Զաբախա երկրի անուան տառադարձուած տարբերակն է` Զաբախա-Ջաւախա-Ջաւախք: Ջաւախքի մէջ տակաւին Ն.Ք. երկրորդ դարուն յիշատակուող հնդեւրոպական հնագոյն տեղանուններէն է Ծունդան, որ կը ծագի ծնունդ բառէն:
Ըստ Ղեւոնդ Ալիշանի, Ջաւախքի մէջ մտնող Վարձիա երկրամասը յայտնի եղած է նաեւ Վարձունիք եւ Վերձառունիք անուններով: Այնտեղ, ըստ աւանդութեան, գտնուած է Սուրբ Մեսրոպի ձեռքով դրուած Վարձունեաց խաչը։
Ջաւախքի տեղանուանաբանական խնդիրները տակաւին լուրջ գիտական ստուգաբանութեան կարիք ունին: Ջաւախքի մէջ հայանուն տեղանուններու առկայութիւնը մէկ անգամ եւս կու գայ ապացուցելու, որ հայերն այս տարածաշրջանին մէջ ապրած են վաղնջական ժամանակներէ եւ հանդիսացած այնտեղի պատմութեան ու մշակոյթի կրողները: