ԱՀ նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան կը գրէ. «Ի վերջոյ, պէտք է հասարակութիւնը հասկնայ, լաւ պատկերացնի իրավիճակը, թէ ինչպիսի առաքելութիւն պէտք է իրականացնէ։ Արցախի մէջ չկան մարդիկ, որոնք իրենք զիրենք կը տեսնեն Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Մէկ, երկու, երեք հոգի, ըսենք, միամիտ, ծախուած, գնուած ամէն հասարակութեան մէջ ալ կրնան ըլլալ, բայց ընդհանուր բազմութիւնը, ի հարկէ, չի տեսներ ինքզինք Ատրպէյճանի կազմին մէջ. Այդ մէկը ուղղակի խայտառակութիւն պիտի ըլլայ։ Եթէ ոեւէ անձ Ատրպէյճանի հետ համաձութուելու հարց բարձրացնէ ու դարձնէ իր ներքաղաքական օրակարգին կէտ, կը կարծեմ, այդ մէկը անձնասպանութիւն պիտի ըլլայ՝ լաւագոյն պարագային:

Արցախի մէջ հաստատակամ են։ Այո, գուցէ, այս շատ բարդ ճանապարհ է, բայց եթէ մենք հաւատարիմ ենք մեր գաղափարներուն, եթէ ունինք ամուր հաւատք առ Աստուած, ամէն ինչ բնական պիտի ըլլայ»:

Արեւմտեան Հայաստանը կը շարունակէ զբաղիլ Արցախի բնիկներու իրաւունքներու պաշտպանութեամբ, միեւնոյն ժամանակ յիշեցնելով, որ Արցախ Հայաստան պետութեան մէկ մասն է, եւ որեւէ ոտնձգութիւն Ատրպէյճանի կողմէ մեր սահմաններուն վրայ, կը դիտարկուի որպէս ճանչցուած պետութեան սահմաններու ամբողջականութեան խախտում։