Արեւմտեան Հայաստանը կը ցանկայ ողջունել Հոլի փառատօնը (գոյներու տօնը), որ կը նշուի Մարտի 8-ին՝ Հնդկաստանի մէջ,   խորհրդանշելով  գարնան գալուստը ։ 

Այս տօնակատարութիւնը կը յիշեցնէ գարունը, որ կը համընկնի նոր տարուան հետ, որ կը նշուի նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ ամէն տարի Մարտի 21-ին։ Հայկական աւանդոյթը, որ ունի աւելի քան 13564 տարուայ պատմոութիւն, եւ որուն խորհրդանիշը Լոյսն է, կը համապատասխանէ գարնանային գիշերահաւասարին։

Եթէ ​​հնդկացիներուն համար հինաւուրց աւանդոյթ է հաւաքուիլ մեծ կրակ վառելու եւ տօնակատարութիւնները կազմակերպել գոյներու տօնի ծիրին մէջ, այդ նաեւ այն է, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայերը նախքան գարունը, մէկ ամիս առաջ կրակ կը վառեն, որպէսզի նախապատրաստեն ապագայ հարսը՝ մաքրագործման ու մայրութեան։

Հնդիկ եւ հայ ազգերուն համար ընդհանուր այս աւանդոյթը, որ կը խորհրդանշէ սէրն ու պտղաբերութիւնը, պահպանուած է ժամանակի ընթացքին եւ կը վկայէ անոնց ինքնիշխանութեան եւ իրենց արմատներն ու աւանդական գիտելիքները պահպանելու ցանկութեան մասին:

Այս տեսանկիւնէ Արեւմտեան Հայաստանը կը ցանկայ յիշել Մտաւոր սեփականութեան համաշխարհային կազմակերպութեան մէջ ընթացող բանակցութիւններու հիմնարար դերը ժառանգականութեան, աւանդական գիտելիքներու, մշակութային արտայայտութիւններու, ինչպէս նաեւ բանահիւսութեան պահպանման գործին մէջ, որուն կը մասնակցի իր պատուիրակութիւնը։

Կը մաղթենք Հնդկաստանին ամենայն բարիք Հոլիի առթիւ:

Երեւան, 8 Մարտի, 2023թ

Լիտիա Մարկոսեան

Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար