Ծնած է 15 Յունուարի 1960թ-ին, 63 տարեկան է,  փրոֆեսոր, «Հայ Ճամբայ» հայկական մարտարուեստի Հիմնադիր եւ վարպետ:

Արմատներով՝ Կարինէն եւ Սեբաստիայէն (Սուազ) – Արեւմտեան Հայաստանէն:

Արմենակ Վրէժի Աբրահամեան իր մարտական ուղին սկսած է 1990թ-ի Օգոստոսէն  Երկրապահ զինապարտներու թիւ 44 – կեդրոնական շտապի կազմէն, Ապարան շրջանի երիտասարդներու եւ ջոկատներու պատրաստութեան հիմքով:

1991թ-ի Նոյեմբերէն մինչեւ 1993թ-ի Մարտ ամիսը մասնակցած է ԼՂՀ տարածքներու ազատագրման մարտական գործողութիւններուն, որպէս «Ազատագրական բանակ» ջոկատի Գլխաւոր հրահանգիչ եւ մասնակցած Մարտակերտի եւ անոր գիւղերու պաշտպանութեան:

1992թ-ի Ապրիլին, Շուշիի ազատագրման գործողութեան համար, Կեներալ Արկատի Տէր Թադէոսեանի մօտ Ստեփանակերտ կեդրոնական շտապին մէջ պատրաստած է ազատամարտիկներ:

1992թ-ի Մայիսին, « Ազատագրական բանակ» ջոկատի հերոս հրամանատարներ Լէոնիտ Ազգալդեանի եւ Վլատիմիր Պալայեանի հետ մասնակցած է Չայլուի եւ Թալիշի պաշտպանութեան:

1992թ-ի Յունիս – Յուլիս ամիսներուն, հերոս հրամանատարներ Լէոնիտ Ազգալտեանի եւ Վլատիմիր Պալայեանի զոհուելէն ետք, մասնակցած է Մարտակերտի, Վաղուհասի, Գանձասար Վանքի պաշտպանութեան:

1992թ-ի Յուլիսի 22-ին, Մոխրատար բարձրունքի ազատագրութեան ժամանակ ծանր վիրաւորուած է գլխու (կրնատի երկաթ) եւ աջ ոտքի վարած (Մուխայի Կրակ) զինատեսակէն, տեղափոխուած է Դրմբոնի դաշտային հիւանդանոց, այնուհետեւ տեղափոխուած է  Երեւանի Հանրապետական հիւանդանոց ուր ծանօթացած  է Բեկոր-Աշոտ Ղուլեանի հետ:

1992թ-ի Օգոստոսի 15-ին, Պաշտպանութեան Նախարար  Վազգէն  Սարգսեանի եւ Յովսէփ Յովսէփեանի կոչով զինուորագրուած է որպէս  «Արծիւ Մահապարտներ» յատուկ նշանակութեան, Գումարտակի Գլխաւոր հրահանգիչ:

Մասնակցած է ԼՂՀ Մարտակերտ շրջանի գիւղերու, Վաղուհաս, Չլդրան, Դրմբոն, Ումուդլու պաշպանութեան եւ ազատագրական մարտերուն Գլխաւոր հրահանգիչ եղած ժամանակ: Մասնակցած է տարբեր մարտական գործողութիւններու մինչեւ 1992թ-ի Դեկտեմբեր ամիսը։

1993թ-ի Փետրուարէն, Վարդենիսի գունդի հիմնադիր հրամանատար Գնդապետ Յովսէփ Յովսէփեանի հրամանով պատրաստած է  յատուկ ուժեր եւ 1993թ-ի Ապրիլին մասնակցած է Քարվաճառի եւ Մռաւի գործողութիւններուն:

1993թ-ի Յունիսին, մասնակցած է ԼՂՀ տարածքի եւ ՀՀ սահմաններու պաշտպանութեան ազատագրական մարտերուն մինչեւ 1994թ Մայիսի 12-ի զինադադարը:

1993թ-ի Հոկտեմբերի 1-էն  մինչեւ 1994թ-ի Դեկտեմբերի 31-ը, Գնդապետ Վաչագան Իշխանեանի հրամանով նշանակուած է որպէս Շուշիի գունդի յատուկ ուժերու հրամանատար:

Զինուորական կոչումը 01.07.1994թ-էն մինչեւ 31.12.1994թ. Աւագ լէյտենանտ Հրամանատար (Kомендант)

Ծանր վիրաւորուուած է աջ ոտքի կոտրուածքով  վերապատրաստման ժամանակ:

Համաձայն ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարի 1996թ-ի Դեկտեմբերի 20-ի թիւ 586 Հրամանին,  պարգեւատրուած է «1992-1994թթ.» Մարտական Գործողութիւններու Մասնակցութեան Կրծքանշանով – Վկայական Թիւ 018974

2003թ-ին Կեներալ-Մայոր Վիտալի Բալասանեան որպէս ԱՊՎՄ Նախագահ, թիւ 24 հրամանով նշանակած է Արմենակ Վրէժի Աբրահամեան  Արցախի Պատերազմի Վետերաններու Միութեան պաշտօնական Ներկայացուցիչ Ֆրանսայի մէջ:

1991թ-էն մինչեւ օրս – Արցախի Ժողովուրդի եւ Մարդու Իրաւունքներու պաշտպանութեան կամաւոր:

2014թ-ի Մարտի 21-էն մինչեւ Յունիս 2017թ. մասնակցած է տարբեր մարտական գործողութիւններու Կիլիկիոյ հայութիւնը (Քեսապը) պաշտպանելու նպատակով եւ Քամիշլիի ռազմական ակադեմիայի հիմնադիրն է:

Արմենակ Վրէժի Աբրահամեան իր քաղաքական ուղին սկսած է 2004թ-ի Փետրուարի 1-էն Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան Ինքնորոշման իրաւունքի պաշտպանութեան նպատակով

2004թ-ի  Դեկտեմբերի 17-ին – Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Հիմնադիր Նախագահն է:

2005թ-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հայերու Համագումարի Հիմնադիր Նախագահն է:

2005թ.-էն Արեւմտեան Հայաստանի առաջին քաղաքացին է:

2006թ-էն ՄԱԿ-ի մէջ Արեւմտեան Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավարն է:

2011թ-էն Արեւմտեան Հայաստանի Կառավարութեան Հիմնադիր անդամ է:

2013թ-էն Արեւմտեան Հայաստանի Խորհրդարանի Հիմնադիր անդամ է:

2013թ-ին 5 տարի ժամկէտով ընտրուած է որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր:

2014թ-ի Յունուարի 19-էն 5 տարի ժամկէտով ընտրուած է որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն կողմէ:

2016թ-ի Մայիսի 09-ին որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ ընդունեց Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Սահմանադրութիւնը:

2016թ-ի Յունիսի 24-ին որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ վաւերացուց Սեւրի Դաշնագիրը։

2017թ-ի Փետրուարի 12-ին որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ վաւերացուց Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ռազմական Վարդապետութիւնը։

2017թ-ի Հոկտեմբերի 29-ին Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւորներու միաձայն  քուէարկութեամբ, պաշտօնապէս որոշեց իր թեկնածութիւնը դնել որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ։  Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան 2018թ-ի ընտրութիւններու ժամանակ։ 

 2018թ-ին 5 տարի ժամկէտով ընտրուած է որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր:

2019թ-ի Յունուարի 19-ին 5 տարի ժամկէտով երկրորդ անգամ ընտրուած է որպէս Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ, Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւորներուն կողմէ։

2023 թուականի Փետրուարի 15-ին, երրորդ անգամ, ԱԺ ընտրութիւններուն թեկնածու է որպէսզի Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր ըլլայ։

Հետազօտող, պատմաբան, գրող, վերլուծաբան, հոգեբան, Արեւմտեան Հայաստանի Պետական հեռուստակայանի հիմնադիր:

Պատգամաւորի այս երրորդ մանդատը, եթէ կ’ընդունիք, նախատեսուած է ըլլալ Արեւմտեան Հայաստան պետութեան ամրապնդման, իրենինքնիշխանութեան զարգացման, հայ ազգի` որպէս բնիկ ազգի պաշտպանութեան եւ իրաւական գործողութիւններ իրականացնելու համար: Ամրապնդել տարիներու ընթացքին ձեռք բերուած մեր իրաւունքները։

Պէտք է հաւաքեմ 80 ստորագրութիւն, իմ թեկնածութիւնս վաւերացնելու համար՝ կրնաք ըլլալ ստորագրողներէն մէկը՝ լրացնելով այս գրանցման ձեւը։